
ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- «Թայմ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, թէ իրեն համար հինգ ամենամօտիկ աշխարհի ղեկավարներն են՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, Հնդկաստանի վարչապետ Մանմոհան Սինկ, Հարաւային Քորէայի նախագահ Լի Միունկ Պաք, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն: