
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, Յունուար 19ին, Մոսկուայի մէջ կայացաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի աշխատանքային հանդիպումը Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան երկկողմանի յարաբերութեանց առնչուող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման շուրջ՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու յառաջիկայ հանդիպման նախապատրաստութիւնը:
Լաւրով եւ Մամետեարով նաեւ ստորագրեցին դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու համար անշարժ գոյքի փոխադարձ տրամադրման վերաբերեալ համաձայնագիր մը:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն այցելող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կրիկորի Քարասին, Յունուար 19ին հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ուիլեըմ Պըրնզի հետ: Ընթացքին քննուած են ռուս-ամերիկեան համագործակցութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի խնդիրներուն եւ յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը: