
ՊԵՐԼԻՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ համախոհական կառավարութեան մաս կազմող կուսակցութիւններէն մէկուն անդամ եւ խորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբի խօսնակ Էրիքա Շթայնպախ յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նման, Գերմանիա եւս կրնայ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման համար քրէական պատիժ նախատեսող օրէնք մը որդեգրել:
Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի, Շթայնպախ ըսած է, որ համախոհական կառավարութեան անդամ կուսակցութիւնները այն համոզումը ունին, թէ որքա՛ն ալ Թուրքիա մերժէ իրականութիւնը, բացայայտ է, որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է:
«Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը միշտ կը մնայ մեր օրակարգին վրայ, եւ Թուրքիան կանգնած է այդ պատասխանատուութեան դիմաց», ըսած է ան:
Շտայնպախ նաեւ նշած է, որ թուրք իշխանաւորները կրնան դիւրութեամբ ընդունիլ այս պատմական իրողութիւնը, եթէ յայտարարեն, որ անիկա կատարուած էր Թուրքիոյ նախկին ղեկավարներուն կողմէ: