
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Հրանդ Տինքի հարցը քննելու համար անհրաժեշտ է դատական անկախ համակարգ:
Նախարարութեան ներկայացուցիչ Վիքթորիա Նիւլընտ Հինգշաբթի, Յունուար 19ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է, թէ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ կառավարութեան հետ «կանոնաւոր կապ հաստատած է՝ այդ եւ այլ հարցերու կապակցութեամբ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ Տինքի ընտանիքը կը սպասեն, որ գործը ի վերջոյ քննուի Թուրքիոյ վերաքննիչ դատարանին կողմէ»:
Ան շեշտած է, թէ դատական անկախ համակարգի առկայութիւնը վճռական դեր կը խաղայ առողջ ժողովրդավարութեան համար:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ուաշինկթըն կը կարծէ՞, որ Թուրքիոյ մէջ կը գործէ նման դատական համակարգ՝ Նիւլընտ նշած է. «Թուրքիա պարտաւոր է երաշխաւորել այն փաստը, որ իր դատական գործընթացները կը համապատասխանեն այդ չափանիշներուն»՝ առանց յաւելեալ յստակացում կատարելու:
Իր կարգին, Եւրոյանձնաժողովի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համերպըրկ յայտարարած է, թէ Տինքի դատական գործով հրապարակուած վճիռը ցոյց կու տայ Թուրքիոյ դատական համակարգին անկատար վիճակը:

«Ակնյայտ է, որ դատարանը սխալ որոշում տուած է՝ նկատի ունենալով առկայ ապացոյցներն ու վկաներու ցուցմունքները, որոնք ցոյց կու տան, թէ յանցագործութեան ետին կանգնած է կազմակերպուած խմբաւորում մը: Եթէ ամբողջ իրականութիւնը բացայայտելու համար դատարանին յաւելեալ ժամանակ հարկաւոր էր, ապա անիկա ինչո՞ւ աւարտեց դատը: Թուրքիոյ դատական համակարգը անկատար է եւ երկիրը պէտք է արագ քայլերու դիմէ՝ զայն բարեփոխելու ուղղութեամբ, այլապէս ժողովուրդը արդարադատութեան նկատմամբ իր հաւատքը պիտի կորսնցնէ: Կատարուած սխալը խիստ վտանգաւոր է: Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը կարեւոր քննութիւն է պետական ծառայողներու կատարած յանցագործութիւնները պատժել-չպատժելու հարցով: Յունուար 17ի վճիռն այդ քննութեան անյաջողութիւնն է», եզրակացուցած է Համերպըրկ:
Նաեւ, Եւրոխորհրդարանին մօտ Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Ռիա Օմեն Ռուիճտեն իր «յուսախաբութիւնը» յայտնած է դատավճիռին առթիւ: «Հրանդ Տինքի հարցը օրինակ կրնար ծառայել այն բանին համար, թէ պատշաճ կերպով գործող դատական հաստատութիւնները ինչպէ՛ս կ՛աշխատին: Այս դատավճիռը կը յստակացնէ, որ Թուրքիոյ մէջ դատական բարեփոխումները անհրաժեշտ են», աւելցուցած է ան:
Վերջապէս, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք ընդունած է, թէ Տինքի սպանութիւնը եւ 5 տարիէ ի վեր շարունակուող դատական գործընթացը բացասական ազդեցութիւն ունեցած են Թուրքիոյ հեղինակութեան վրայ: