
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս», «Զաման».- Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Երկուշաբթի, Յունուար 23ին քննուելիք Հայոց Ցեղասապանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին կապակցութեամբ, նախագահ Նիքոլա Սարքոզի նամակ մը յղած է՝ պատասխանելով բանաձեւին մասին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին:
Սարքոզի գրած է, թէ «այդ օրէնքը պէտք չէ դառնայ երկու երկիրներուն միջեւ պատմական կապերու խաթարման պատճառ»:
Ֆրանսայի նախագահը նշած է, որ օրէնքին նպատակը ֆրանսական հասարակութեան մէջ երկար ժամանակ առկայ հերքումի զգացողութիւնը վերցնելն ու 100 տարի շարունակուող վէրքերը բուժելն է:
«Գիտեմ, որ պատմութեան հետ առերեսուիլը դիւրին չէ: Բայց Ֆրանսան դժուար խոստովանութեան իր պարտքը կատարեց: Ընդունեց ստրուկներու առեւտուրին մէջ ունեցած պատասխանատուութիւնը եւ ճանչցաւ գերմանական բռնագրաւման ընթացքին Ֆրանսա բնակող հրեաներուն ճամբարներ ուղարկելու գործին մէջ ունեցած իր դերը: Ես՝ անձնապէս, 2007ին Ալճերիոյ մէջ ունեցած ելոյթիս ընթացքին խօսած եմ Ալճերիոյ մէջ ֆրանսական գաղութատիրութեան կոյր գազանութեան եւ ալճերիացի ժողովուրդի աննկարագրելի ցաւերուն մասին, եւ դատապարտած եմ զայն: Թուրքիան մեծ երկիր է եւ Ֆրանսայի համար կարեւոր դաշնակից: Որպէս երկու բարեկամ եւ դաշնակից երկիրներ, կը փափաքիմ, որ գերիշխէ մեզի վայել խոհեմութիւնը: Կ՛ուզեմ իմանաք, որ այս օրինագիծին հետ կապուած հնարաւոր ծայրայեղ քայլերու եւ երկու երկիրներուն միջեւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու վնասուելուն պարագային, հետեւանքները ծանր եւ լուրջ պիտի ըլլան, իսկ պատասխանատուն պիտի ըլլայ անոնց ձեռնարկողը», նամակին մէջ նշած է Ֆրանսայի նախագահը:
Սակայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, Ուրբաթ, Յունուար 20ին յայտարարեց, թէ Անգարա բաւարարուած չէ Սարքոզիի նամակով՝ աւելցնելով, թէ բանաձեւին վաւերացումը սպի մը պիտի ձգէ Ֆրանսայի պատմութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժան Փիեռ Պել յայտնեց, թէ օրինագիծը «յիշողութեան օրէնք չէ»՝ աւելցնելով, որ նեցուկ պիտի կանգնի բանաձեւին, որովհետեւ ինքը կը պատկանի «քաղաքական ուժի մը, որ որոշած է պաշտպանել այդ օրինագիծը»: Ան նախապէս յայտնած էր, թէ համաձայն չէ, որ բանաձեւը Ծերակոյտին մէջ քննուի: «Քննարկման ընթացքին մենք կ՛արտայայտենք մեր կարծիքները, եւ ես՝ իմը յայտնած եմ: Սակայն, հիմա արդէն ընտրութեան պահն է, եւ ես կրկին կատարած եմ իմ ընտրութիւնը», յստակացուցած է ան:
Աւանդաբար Ծերակոյտի նախագահը չի մասնակցիր քուէարկութեան, սակայն իրաւունք ունի մասնակցելու, եթէ փափաքի: