Աւելի Պայծառ Եւ Աւելի Հանգստաւէտ Աչքեր Ունենալու Համար
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Հաւանաբար ձեր մորթը շատ լաւ վիճակի մէջ է ու ձեր շպարը՝ բաւական կատարեալ, սակայն եթէ ձեր աչքերուն տակը սեւցած է, ինչ ալ ընէք ձեր լաւագոյն տեսքը չէք ստանար: Մորթի մասնագէտները աչքերուն տակի այս սեւութեան համար կու տան զանազան պատճառներ, որոնց շարքին՝ անքնութիւնը, արեան դանդաղ շրջագայութիւնը, գերզգայնութիւնը եւ բարակ մորթը: Դէմքին այդ բաժինը արդէն ինքնին համեմատաբար աւելի հանգիստ բաժինն է եւ ունի բնական թեթեւ շուք մը. այդ պատճառով ալ աւելի ցայտուն կը դառնայ այդտեղի սեւութիւնը կամ մթութիւնը։
Ուրախանալին այն է, որ ասիկա լուծում ունի:
Ահաւասիկ կարգ մը խորհուրդներ, զորս կարելի է փորձել.
– Աւելի երկար ժամեր քնացէք:
Այս մէկը ամենակարճ եւ ամենաուղիղ քայլն է, որ կրնաք առնել բարելաւելու համար աչքի տակի սեւութեան վիճակը: Ամէն գիշեր քնացէք 7-8 ժամ: Թելադրելի է ձեր գլուխը դնել բարձի մը վրայ, որպէսզի անիկա աւելի բարձր մնայ, քան մարմինը, ինչ որ կը նպաստէ աչքերուն ուռը նուազեցնելու:
– Թեթեւ մարզանք: Կարգ մը մասնագէտներ կը կարծեն, թէ արեան դանդաղ կամ թերի շրջագայութիւնը պատճառ կը դառնայ աչքի տակի սեւութեան, աչքերուն տակ արեան աւազան մը կը կազմուի եւ մորթին ընդմէջէն կ՛երեւի թուխ գոյնը: Հետեւաբար արեան այդ աւազանը տարածելու եւ ընդհանրապէս արեան շրջագայութիւնը բարելաւելու համար կը թելադրեն ամէնօրեայ դրութեամբ բացօթեայ կարճատեւ թեթեւ մարզանք ընել:
– Կարելի է փորձել antihistamine դեղ մը: Հակառակ անոր որ այս միջոցը կրնայ հաստատ արդիւնքներ չտալ, սակայն նոյնիսկ եթէ չօգնէ չի վնասեր, յատկապէս երբ աչքի տակի սեւութիւնը հետեւանք է գերզգայնութեան (allergy):
– Օգտագործեցէք աչքի տակի յատուկ քսուքներ: Եթէ ձեր աչքի տակի սեւութիւնը հետեւանք է մորթային գերգունաւորման (hyperpigmentation)՝ երկար ժամանակ արեւու ճառագայթներուն ենթարկուելու պատճառով, կարելի է փորձել աչքի տակի քսուք մը, որ պարունակէ hydroquinone: Նման քսուքներ կրնան բարելաւել կացութիւնը:
– Խոնաւութիւն: Աչքի տարածքը կարիքը ունի ամէնօրեայ խոնաւեցման, մանաւանդ երբ աչքի տակի սեւութենէ կը տառապիք, որովհետեւ չոր մորթը տժգոյն երեւոյթ կ՛ունենայ, ուստի աւելի կը շեշտուի աչքի շուրջի սեւութիւնը: Այս պարագային կարելի է օգտագործել խոնաւութիւն պարգեւող քսուքներ:
– Վստահեցէք ծեփին: Եթէ վերոնշեալ բոլոր միջոցները օգտակար չկր-ցան հանդիսանալ, ապա ստիպուած պիտի ըլլաք ապաւինելու դէմքի foundation քսուքի մը: Ընտրեցէք գոյն մը, որ համեմատաբար աւելի բաց ըլլայ, քան ձեր մորթին բնական գոյնը: Քսեցէք յատուկ վրձինով, ապա զայն ամրապնդեցէք «փաուտըր»ով:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Բաղադրութիւն
3 հատ միջակ չափի կարմիր գետնախնձոր
2 գաւաթ ջուր
1 հատ փոքր սոխ
3 ապ. դգալ կարագ
3 ապ. դգալ ալիւր
1 հատ մանրուած կարմիր պղպեղ
Սեւ փոշի պղպեղ՝ ըստ ճաշակի
3 գաւաթ կաթ
1/2 թ. դգալ շաքար
1 գաւաթ մանրուած cheddar պանիր
1 գաւաթ խորանարդ ջարդուած եփած խոզապուխտ (ham)
Պատրաստութիւն
Կեղուեցէք գետնախնձորները եւ մանրեցէք զանոնք 2-3 սմ. չափի խորանարդներու:
Ջուրը դրէք կաթսայի մը մէջ եւ եռացուցէք: Աւելցուցէք գետնախնձորները մինչեւ որ կակուղնան: Գետնախնձորները սուզեցէք ու ջուրը մէկ կողմ պահեցէք:
Կեղուեցէք ու մանրեցէք սոխը: Հալեցուցէք կարագը միջակ ջերմութեամբ, խորունկ եւ մեծ տապակի մէջ, ապա աւելցուցէք սոխը: Խառնելով եփեցէք, մինչեւ որ սոխը կակուղնայ, սակայն առանց սրճագոյն դառնալու:
Աւելցուցէք ալիւրը- ապա կարմիր պղպեղն ու սեւ փոշի պղպեղը, ըստ ճաշակի. եփեցէք 3-4 վայրկեան:
Աստիճանաբար աւելցուցէք գետնախնձորներն ու մէկ կողմ դրուած գետնախնձորի ջուրէն մէկ գաւաթ (անհրաժեշտութեան պարագային կարելի է աւելցնել մէկ գաւաթը եւս): Աւելցուցէք կաթն ու շաքարը եւ լաւապէս խառնեցէք: Աւելցուցէք պանիրն ու խոզապուխտը:
Յաճախ խառնելով՝ ցած կրակի վրայ եփեցէք շուրջ 30 վայրկեան:
Ծանօթ: Այս ապուրը կարելի է հիւրասիրել ֆրանսական հացի կողքին:
Իմաստուն Խօսքեր
–* Վիճեցէ՛ք, մոլորեցէ՛ք, սխալեցէ՛ք, բայց, Աստուծոյ սիրոյն, մտածեցէ՛ք:
Էսինկ
* Որքան շատ ցանկութիւն սերմանես, այնքան քիչ երջանկութիւն կը հնձես:
Տիւպէ
* Երկու պատիժ կրնան մարդս կասեցնել՝ խղճի խայթը եւ հասարակական կարծիքը:
Գիրցէն
* Միակ գեղեցկութիւնը առողջութիւնն է:
Հայն
* Ազատասէր մարդը կրնայ բանտարկեալ ըլլալ, բայց ոչ ստրուկ:
Ամիէս