ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ներքին հարցերու բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամատով, «Եուրտ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Ատրպէյճանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ նշած է, որ անցեալ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանը չէ յաջողած լուծել միայն մէկ խնդիր՝ ղարաբաղեան հարցը։
Ատրպէյճանի «կարեւոր իրագործումներէն» ան առանձնացուցած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մշտական անդամ դառնալու իրողութիւնը։ «Միջազգային ընտանիքը վերջին տարիներուն կ՛ապրի ամէնէն լարուած հոլովոյթները, ներառեալ՝ 2008ի տնտեսական ճգնաժամը։ Այդ իսկ պատճառով միջազգային ընտանիքն ու Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է առաւել զգայուն ու արդար ըլլան հրատապ հարցերու մէջ որոշումներ կայացնելու առումով», ըսած է ան։ Մամատով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը քննադատած է ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին մէջ «անարդար» դիրքորոշում որդեգրելուն համար։ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հանդէպ այս հարցին մէջ կը կիրարկուի նոյն մօտեցումը, եւ երկու կողմերն ալ կը դիտուին մէկ տեսանկիւնէ», դժգոհած է ատրպէյճանցի պաշտօնատարը։