
ՍՈՉԻ, «Արմէնփրէս».- Ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի, Տմիթրի Մետվետեւի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Երկուշաբթի, Յունուար 23ին կայացած հանդիպումէն ետք, անոնք հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Նկատի ունենալով խաղաղ համաձայնագիրի կնքման կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնած են արագացնելու հիմնարար սկզբունքներու վերաբերեալ համաձայնութիւններու կնքումը՝ հաշուի առնելով կատարուած աշխատանքը»։
Ըստ յայտարարութեան՝ նախագահները քննարկած են շփման գիծին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմները՝ հաշուի առնելով ԵԱՀԿի դիտորդներու վերջին զեկուցումը։
«Ղարաբաղեան հակամարտութեան ծիրին մէջ վստահութեան ամրապնդման միջոցներէն մէկը՝ երկու երկիրներուն միջեւ մարդասիրական կապերու զարգացումն է», ընդգծած են նախագահները։
Այս ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը, մասնաւորաբար հասարակական եւ գիտական շրջանակներու մէջ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները Սոչիի մէջ եռակողմանի հանդիպման ընթացքին ընդունած են, թէ կողմերը պէտք է ծայրայեղ դիրքորոշումներէ հրաժարին, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու կողմերուն դիրքերը իրարու մօտեցնել:
Ըստ Լաւրովի, նախագահներու հանդիպման ընթացքին քննուած է ԼՂ հակամարտութեան լուծման հիմնարար այն սկզբունքները, որոնց շուրջ ցարդ կարելի չէ եղած համաձայնութիւն գոյացնել: «Նախագահները յստակ միտքեր փոխանակեցին դժուար նիւթերու շուրջ՝ հասնելով այն եզրակացութան, որ անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքները»:
Իր կարգին, Ռուսիա, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիր, խոստացած է շարունակել իր ջանքերը՝ հակամարտութեան երկու կողմերու դիրքորոշումները իրարու մօտեցնելու նպատակով:
Հանդիպման նախօրեակին, Մոսկուա տարածած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «2008էն ի վեր Ռուսիոյ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած են հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած տասը հանդիպումներ, որոնցմէ վերջինը տեղի ունեցած է Քազանի մէջ, Յունիս 24, 2011ին։ Քազանի գագաթնաժողովի ընթացքին երկիրները յաջողած էին մօտեցնել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու նախագիծի վիճելի դրոյթներուն վերաբերեալ դիրքորոշումները։ Լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն հրադադարի դրութեան խախտման յաճախակի դարձած դէպքերը, զինծառոյղներու եւ խաղաղ բնակիչներու շարքին զոհերը, երկու կողմերու ռազմաշունչ յայտարարութիւնները»։
Միւս կողմէ, Մետվետեւի եւ Ալիեւի միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին կողմերը քննած են կովկասեան տարածաշրջանի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:
Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Մետվետեւին՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ անոր գործադրած ջանքերուն համար։ «Եղած են յուսադրող պահեր, եղած են պահեր, երբ մեծցած է յոռետեսական տրամադրուածութիւնը, սակայն այն, որ դուք կը շարունակէք այդ ջանքերը՝ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ», ըսած է Ալիեւ: