ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Փետրուար 3ին հաղորդեց, թէ Յունուար ամսուան ընթացքին երկրին տնտեսութիւնը կրցած է գոյացնել 243,000 աշխատատեղիներ՝ շնորհիւ սեփական մարզին ստեղծած 257,000 գործի կարելիութիւններուն: Նոյն ամսուան ընթացքին պետական մարզը կորսնցուցած է 14,000 աշխատատեղիներ: Այս տուեալներուն շնորհիւ, անգործութեան համեմատութիւնը շարունակած է նուազիլ՝ Դեկտեմբեր ամսուան 8.5 տոկոսին փոխարէն իջնելով 8.3 տոկոսի, ինչ որ վերջին երեք տարիներու ընթացքին ամենացած մակարդակն է: Մայիս 2010էն մինչեւ այս տարուան Յունուար ամիսը, պետական մարզը գոյացուցած է 1.024 միլիոն աշխատատեղի, իսկ սեփականը՝ 2.245 միլիոն:
Նոյն օրը, առեւտուրի նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ երկրի գործարաններուն ստացած ապսպրանքները Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին 1.1 տոկոսի աճ մը արձանագրած են՝ ամբողջ տարուան աճը հասցնելով 12.1 տոկոսի, ինչ որ առողջ աճ մըն է: