ՊՈԼԻՍ.– Թուրքերը քանդած են Մալաթիա քաղաքի հայկական գերեզմանատան մէջ գտնուող մատուռը:

«Սի.Էն.Էն. Թուրք»ին համաձայն, ճանապարհային աշխատանքներու ժամանակ մասամբ քանդուած էր հայկական գերեզմանատան մէջ գտնուող մատուռը:
Մալաթիացի հայերու միութիւնը (ՀԱՅՏԵՐ) որոշած էր վերականգնել զայն: Մալաթիոյ քաղաքապետը բանաւոր թոյլատուութիւն տուած էր կատարելու վերակառուցման աշխատանքներ, որոնք սկսած էին երեք ամիս առաջ՝ Թուրքիոյ մէջ յայտնի ճարտարապետ Գէորգ Օզքարակէօզի կողմէ։ Գործը վերջինիս վստահած էր Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը:
Վերջերս, սակայն, Մալաթիոյ քաղաքապետարանը հարիւրաւոր բողոքներ ստացած է տեղւոյն բնակչութենէն, որ կը բողոքէ, թէ «նոր կառոյցն ու անոր շինարարութիւնը կը խանգարեն մօտակայքը ապրողները»:
Քաղաքապետարանն ու բնակիչները որոշած են վերջնականապէս քանդել հայերու կիսակառոյց շինութիւնը, եւ առանց տեղեակ պահելու՝ հիմնովին քանդած են զայն:
Մալաթիացի հայերու միութեան նախագահ Խոսրով Քէօլեթաւթիօղլու իր խիստ դժգոհութիւնը յայտնած է այս տմարդի քայլին առնչութեամբ. «Առաջին անգամ քանդելով արդէն վիրաւորած էին, իսկ երկրորդ պարագային՝ ցաւը աննկարագրելի է: Զո՞վ կը խանգարէ մահացածներուն յիշատակը յարգելը: Չեմ հասկնար: Շատ վրդովուած եմ», ըսած է ան:
Չի բացառուիր, որ այս բոլորը հետեւանք ըլլան Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ը յօդուածին մէջ նաեւ կը նշէ, թէ «այս բոլորը ցոյց կու տայ հայերուն իրական վիճակը Թուրքիոյ մէջ»:
թուրքերը անցան այդ վայրէն…..