ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Փետրուար 8-13 պիտի գտնուի Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ:
Տաւութօղլու նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ քոնկրեսականներու հետ եւ պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, որ հաւանաբար մինչեւ Ապրիլ կրկին ներկայացուի Քոնկրեսին՝ առ ի քննարկում։