
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիանաու».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան Դիմատետրով (Ֆէյսպուք) հանդէս եկած է հայ հեթանոսական աստուածուհի Անահիտի պրոնզաձոյլ արձանի բեկորները Բրիտանիայէն Հայաստան վերադարձնելու նախաձեռնութեամբ, զոր ողջունած են բազմաթիւ անձեր:
«Մեծն Բրիտանիան Հայաստանում միանգամից երկու դեսպան է նշանակել: Առաջարկում եմ, որպէսզի բոլորս միանանք, մի ընդհանուր գրութեամբ համապատասխան ստորագրութիւններով դիմենք Հայաստանում Բրիտանիոյ դեսպանատուն՝ պահանջելով իրենցից Հայաստանին վերադարձնել Բրիտանական թանգարանում պահուող Անահիտ աստուածուհու հանրայայտ արձանի բեկորները՝ գլուխն ու ձեռքերը: Մշակութային արժէքների՝ Բրիտանիայից հայրենիք վերադարձման փորձ արդէն կայ, մասնաւորապէս, Եգիպտոսն է յաջողել մի քանի հարցում: Ի՞նչ կ՛ասէք», իր ընկերներուն դիմած է նախարարը:
Պտղաբերութեան, նաեւ ռազմի աստուածուհի Անահիտին վերագրուող պրոնզաձոյլ գլուխը, ինչպէս նաեւ ձեռքը, ըստ Բրիտանական թանգարանի կայքէջի տեղեկատուութեան, դաշտը փորելու ժամանակ գտած է գիւղացի մը, մօտաւորապէս 1872ին, հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ՝ Սատաղ:
«Պրոնզաձոյլ գլուխը Կոստանդնուպոլսով (ներկայիս Ստամբուլ) եւ Իտալիայով հասել է միջնորդ Ալեսանդրոյ Կաստելանիին, որն էլ, ի վերջոյ, վաճառել է այն Բրիտանական թանգարանին: Ձեռքը մի քանի տարի անց է ներկայացուել թանգարանին: Չնայած այն խօսակցութիւններին, որ յայտնաբերուել է ողջ արձանը, մարմինը երբեք երեւան չի բերուել», ըսուած է կայքէջին մէջ: Արձանի գլխուն կրկնօրինակը կը գտնուի Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ:
Աշոտեան կ՛առաջարկէ այս նպատակով յայտարարութիւն պատրաստել՝ ուղղուած Բրիտանիոյ մշակոյթի նախարարին, դեսպաններուն եւ Բրիտանական թանգարանի տնօրէնութեան եւ ստորագրահաւաք սկսիլ համալսարաններուն մէջ, Դիմատետրին մէջ եւ այլ տեղեր: Նախարարը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ շարք մը ուսանողական եւ հասարակական կազմակերպութիւններ արդէն դիմած են իրեն, եւ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ անո՛նք սկսին ստորագրահաւաքը: