ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի Փետրուար 7ի նիստին, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ոչ մէկ պատգամաւոր մասնակցած է:
Կուսակցութեան կողմէ նիստին ներկայացած միակ պատգամաւորը Նայիրա Զոհրապեանն էր, որ յայտարարեց, թէ ԱԺ նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան նախօրէին կամայականօրէն ինքզինք զրկած է նախատեսուած ելոյթէն, ապա տարբեր հանրապետական գործիչներ ճիշդ չեն արտայայտուած «կանխիկ գործառնութիւններու սահմանափակման մասին» օրէնքի նախագիծին մասին ԲՀԿի դիրքորոշման մասին:
Նայիրա Զոհրապեան յիշեցուց, որ տարբեր քննարկումներու ընթացքին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը յստակ կերպով յայտարարած է, որ օրինագիծը վաղաժամ կը նկատէ։ Այնուհետեւ Նայիրա Զոհրապեանի խօսափողը անջատուած է, որուն ի պատասխան՝ Զոհրապեան լքած է նիստերու դահլիճը: Ապա Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան 20 վայրկեանի ընդմիջման թոյլտուութիւն առած է: Ընդմիջման անհրաժեշտութեան մասին լրագրողներու հարցին ի պատասխան՝ Գալուստ Սահակեան պատճառաբանեց քուէարկութիւն կայացնելու թիւի անբաւարարութիւն:
Զոհրապեան, իր հերթին յայտարարեց, որ ԲՀԿն ամբողջ օրը պոյքոթի պիտի ենթարկէ ԱԺ աշխատանքը:
Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, որ կուսակցութիւնը արդեօք պատկերացում ունի՞ այն մասին, որ նման քայլի մը հետեւանքները ի՛նչ կրնան ըլլալ՝ Զոհրապեան ըսաւ. «Մենք պատասխանատու ենք մեր քաղաքական որոշումների համար եւ մեր ընտրողների առաջ»: Նայիրա Զոհրապեան նաեւ ըսաւ, որ օրինագիծը կը մշակուէր հինգ տարիէ ի վեր, եւ իրեն համար զարմանալի է, թէ ինչու հիմա զայն կը ներկայացնեն քննարկման:
Անոր կարծիքով, օրէնքին ընդունման պարագային՝ անիկա պիտի բերէ դրամատնային յաճախորդներու կտրուկ աճ եւ պիտի դառնայ «լրացուցիչ շորթման միջոց», որուն դէմ է ԲՀԿն:
Յիշեցնենք, որ ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորները Փետրուար 6ին չեն մասնակցած «Կանխիկ գործառնութիւնների սահմանափակման մասին» օրինագծի քուէարկութեան, այդպիսով տապալելով օրինագիծը: Միախառն կառավարութեան գործընկերոջ այս քայլը զայրացուցած էր հանրապետական պատգամաւորները: Սամուէլ Նիկոյեան, Էդուարդ Շարմազանով, Արեգ Ղուկասեան եւ Գագիկ Մինասեան իրենց ելոյթներուն ընթացքին յայտարարած էին, որ օրինագիծին դէմ քուէարկելը կը նշանակէ կողմ ըլլալ կաշառակերութեան, իսկ քուէարկութեան չմասնակցիլը ընդհանրապէս անհասկնալի կեցուածք է: