ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տնտեսական, պատերազմական եւ այլ գործօններէ մեկնելով՝ Հայաստանի մէջ բարձրացած է ամուսնանալու տարիքը, որ կը պատճառէ ծնելիութեան նուազեցում ու ամուսնալուծութեան հաւանականութեան յաւելում։ «Եթէ նախկինում Հայաստանում հարսնացուի միջին տարիքը 20 էր, իսկ փեսացուինը՝ 24, ապա հիմա հարսնացուների տարիքը տատանւում է 24-25ի, իսկ փեսացուներինը՝ 28-30ի միջեւ», նշեց «Սոցիոմետր» կեդրոնի տնօրէն, ընկերաբան Ահարոն Ադիբեկեան:
Նշենք, որ «Սոցիոմետր»ը 1976էն սկսեալ Հայաստանի մէջ ամուսնութեան տարիքին առնչութեամբ ուսումնասիրութիւն կը կատարէ, եւ, կեդրոնի տնօրէնին համաձայն, 1995-96ին արդէն նկատելի է ամուսնութիւն կնքելու եւ ծնելիութեան թիւի անկում։
«Այսօր յաճախ մարդիկ բաւարարւում են մէկ երեխայով, որն աւելացնում է ապահարզանի վտանգը», աւելցուց Ահարոն Ադիբեկեան, որուն կարծիքով, ամուսնանալու տարիքի բարձրացումը պայմանաւորուած է նաեւ աշխատանքի ասպարէզի մէջ երիտասարդներու յառաջդիմութեան ապահովումով եւ տնտեսական կայունութիւն ձեռք բերելու ձգտումով, որ, ընկերաբանի կարծիքով, դրական ըլլալու կողքին ունի նաեւ ժխտական հետեւանքներ։
«Եթէ նախկինում աղջիկն առաջին անգամ մայրանում էր 20 տարեկանում, ապա այժմ՝ 26-27ում, որի հետեւանքով 2րդ, 3րդ երեխայ ունենալու հետ կապուած բարդութիւնների հաւանականութիւնը մեծանում է», պարզաբանեց ընկերաբանը՝ նշելով, որ այժմ ամէն երրորդ ամուսնական զոյգը կը նախընտրէ չարձանագրել ամուսնութիւնը՝ հարսանեկան եւ այլ տեսակի ծախսերէն խուսափելու նպատակով: Ընկերաբանը շեշտեց, որ ամուսնութիւններու աճին պիտի նպաստէ նաեւ աշխատատեղիներու յաւելումն ու նիւթական կայունութիւնը:
Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ եթէ տարիներ առաջ գիւղերուն մէջ միջին հաշուով 2-3 երեխայ կ՛ունենային, իսկ քաղաքներուն մէջ՝ 1-2, այժմ այս թիւը եղած է 1-2 ե՛ւ գիւղերուն մէջ, ե՛ւ քաղաքներուն: