ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մօտ Փետրուար 10ին տեղի ունեցաւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի աշխատանքային խումբի առաջին խորհրդակցութիւնը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեան, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ղեկավար Դաւիթ Շահբազեան եւ նախարարութեան աշխատակիցներ: «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը կը նախատեսուի կայացնել այս տարուան Ապրիլէն Հոկտեմբեր ժամանակահատուածին. այս ծիրին մէջ Հայաստանի համերգային սրահներուն մէջ պիտի կազմակերպուին պարախումբերու, երգչախումբերու եւ անհատ կատարողներու ելոյթներ:
Փառատօնին նպատակն է նպաստել Հայաստան-Սփիւռք, Սփիւռք-Սփիւռք կապերու սերտացման եւ համագործակցութեան նոր առիթներու ստեղծման, Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի երիտասարդ ստեղծագործողներու միջեւ մշակութային կապերու ամրապնդման, միացեալ ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման սատարման: