ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նկարահանուած է Գրիգոր Նարեկացիի մասին գեղարուեստական շարժապատկեր մը՝ «Հովիւը» վերնագիրով, որ կը ներկայացնէ դրուագներ Նարեկացիի կեանքէն, «Մատեան Ողբերգութիւն» գիրքէն, ինչպէս նաեւ՝ աղօթքներ, մենախօսութիւններ:
«Փորձել ենք Նարեկացուն ներկայացնել մարդու, ընդհանրական եկեղեցու անդամի կերպարով, որ հասանելի լինի ոչ միայն հայ, այլեւ արտասահմանեան հանդիսատեսի համար», նշեց շարժապատկերի բեմադրիչ Արտակ Աւդալեան:
Նարեկացիի դերով հանդէս պիտի գայ դերասան Արթուր Կարապետեանը, որ ըսաւ. «Նարեկացին չափազանց բարդ է, աւելի բարդ, քան մենք կարող ենք պատկերացնել: Նրան կերտելիս ուղղորդուել եմ սրտի ձայնով», ըսաւ դերասանը:
1.5 ժամ տեւողութիւն ունեցող «Հովիւը» պիտի ներկայացուի հայերէն եւ իտալերէն լեզուներով, յառաջիկային կը նախատեսուի կատարել նաեւ անգլերէն թարգմանութիւնը: