ԷՋՄԻԱԾԻՆ.– Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցին Փետրուար 14ին նշեց 40օրեայ Յիսուսի տաճարին ընծայման տօնը:
Նոյն առիթով Փետրուար 13ի երեկոյեան Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարին մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ նախատօնակի արարողութիւնը, որուն յաջորդեց անդաստանի կարգը, որուն ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը: Այնուհետեւ, Մայր տաճարի Իջման խորանէն վառած մոմով Ս. Տրդատի բաց խորանի հարեւանութեամբ վառեցաւ մեծ խարոյկը՝ իբրեւ Քրիստոսը խորհրդանշող լոյս:
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները հանդէս եկան շարականներու եւ ազգային երգերու կատարումներով, ապա արարողութեան ներկայ հաւատացեալները խարոյկէն վառած մոմեր տարին իրենց օճախները:
Փետրուար 14ին Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ Էջմիածինի միաբան Մուշեղ եպս. Բաբայեանի կողմէ: Նշելով, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ Տեառնընդառաջի օրը հռչակուած է նաեւ նորապսակներու օրհնութեան օր, սրբազան հայրը մաղթեց, որ Տէրը Սիմէոն ծերունիի երկարակեցութիւնն ու կամքի խոնարհութիւնը պարգեւէ նորակազմ ընտանիքներուն՝ անոնց ապագայ տարիները լեցնելով անսպառ օրհնութեամբ:
Սուրբ պատարագի աւարտին՝ հանդիսապետութեամբ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, կատարուեցաւ նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ: Շարականներու երգեցողութեան ներքոյ վեհափառը օրհնեց նորապսակ զոյգերը: