ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն անձամբ հետեւած է Փետրուար 12ին Հրազդանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետի ընտրութիւններուն, որոնց ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է երկու կողմերու ընտրատարածքային յանձնաժողովի ներկայացուցիչներու եւ գործընթացին վերահսկող դիտորդներու հետ: «Այնտեղ կը ծաւալէր բուռն պայքար: Կային երկու ուժեղ թեկնածուներ։ Ինծի համար իսկապէս հետաքրքրական էր տեսնել քաղաքական իրական մրցակցութիւն, որ, իմ կարծիքով, շատ կարեւոր է նաեւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար», ըսած է Հեֆըրն:
Նշենք, որ Հրազդանի գործող քաղաքապետ, Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արամ Դանիէլեան այս ընտրութիւններուն շուրջ 1573 ձայն աւելի հաւաքած է Հայ Ազգային Կոնգրեսի ներկայացուցիչ Սասուն Միքայէլեանէն եւ վերընտրուած է քաղաքապետ:
«Ուրախ եմ տեսնելու, որ ընտրամասերուն մէջ ամէն ինչ կարգին էր: Երկու կողմերն ալ հաւաստիացուցին, որ ընտրական գործընթացը կ՛ընթանայ թափանցիկ եւ պատշաճ կերպով», նշած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, ըստ որուն՝ ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ Հրազդանի մէջ խախտումներ տեղի ունեցած են՝ Ճոն Հեֆըրն ըսած է. «Ես մամուլէն տեղեկացած եմ, ինչպէս նաեւ լսած եմ որոշ խախտումներու մասին. յոյսով եմ, որ անոնք, որոնք նման տեղեկութիւններ ունին, իշխանութիւններուն փոխանցեն, որպէսզի վերջիններս եւս այս առնչութեամբ համապատասխան քայլերու դիմեն»։