ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

«Նախքան Հայաստան այցելութիւնս, ոչինչ գիտէի այդ երկրի մասին։ Այնքա՛ն երջանիկ եմ, որ այս կարճ, խտացեալ եւ գոյութիւնս իմաստաւորող փորձառութիւնը ձեռք բերի։ Արդարեւ, կամաւորներու եւ տեղացիներու հետ չարքաշ աշխատանքը, առաւել եւս Հայաստանի բնանկարին մտերմանալս, ինծի համար կատարեալ փորձառութեան վերածուեցան»:
«Ֆուլլըր»ի կամաւոր Կէյլ
Ֆրիտմըն
Պիտի աշխատիմ անձնանուններով չխճողել գրութիւնս, այլ վեր առնել ու անպաճոյճ կերպով ընթերցողին փոխանցել վերոյիշեալ բարեսիրական կազմակերպութեան կատարած մարդասիրական գործունէութիւնը, ի շարս Երրորդ Աշխարհի որոշ երկիրներու, նաեւ՝ Հայաստանի տարածքին:
Ըսած եմ ու կը կրկնեմ. ԱՀՄ միութեան կազմակերպած Համահայկական նաւապտոյտները յաճախ հաճելի անակնկալներ կը վերապահեն յատկապէս անոնց համար, որոնք օրուան աշխատանքէն, հաճոյքէն ու ընկերային պարտաւորութիւններէն անդին, ուրիշ հետաքրքրութիւններ ալ ունին եւ աւելին՝ կը տագնապին ընկերային անարդարութեան զոհերը հանդիսացող զրկեալներու գոյավիճակով:
Նաւուն ցռուկը՝ կինս զիս ծանօթացուց դերասանուհիի արտաքինով երիտասարդ ու համակրելի հայուհիի մը, որուն ելոյթին կամ ներկայացումին (presentation) կինս իր ընկերուհիներով ներկայ գտնուած էր ճիշդ այդ յետմիջօրէին, ու խորապէս տպաւորուած:
Արդարեւ, կնոջս նոր ծանօթը ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ՝ Fuller Center for Housing-Armenia բարեսիրական կազմակերպութեան Հայաստանի պատասխանատուներէն Գոհար Բալեանը։
– Գոհա՛րը,- ըսաւ Սեդան համակրական շեշտով մը,- Հայաստանի տարածքին չունեւորներու համար տան կտուրը կառուցող «Ֆուլլըր» բարեսիրական կազմակերպութեան պատասխանատուներէն է եւ շուտով նոյն առաքելութեամբ Քալիֆորնիա պիտի այցելէ… կ՛ուզեմ, որ իրենց գործունէութեան ծանօթանաս եւ մամուլով անդրադառնաս այդ մասին։
Ձեռքի սեղմումէ ետք ինծի յանձնեց կապոյտ ծրար մը, որուն պարունակութիւնը կարելի էր դիւրաւ կռահել:
Գոհարը շուտով Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ՝ իր կազմակերպութեան գործունէութեան աւելի եւս ծանօթ դարձնելու տեղւոյս հայ հասարակութիւնը։ Քիչ ետք թերթատեցի ծրարին պարունակութիւնը եւ յուզուած ես ինծի հարց տուի.
– Ո՞ւր կը կայանայ «Ֆուլլըր»ի նման միջազգային բարեսիրական կազմակերպութեան մը յաջողութեան գաղտնիքը։
– Ո՛չ, Հայաստանի մէջ անոր գործունէութիւնը տակաւին չունի ամբողջական գիւղեր ու աւաններ կառուցելու տարողութիւն ու ծաւալ, որուն, գուցէ սփիւռքահայերուս գործակցութեամբ, կ՛ուզէ հասնիլ մօտաւոր ապագային։
– Հապա մեր աչքին ի՞նչ բան առինքնող կը դարձնէ ցարդ մեզմէ շատերու «ռատար»էն վրիպած առոյգ ու յոյժ պիտանի այս կազմակերպութիւնը։
– Նախ եւ առաջ պարզենք, որ անոր մարդասիրական գործունէութիւնը խթանող տնտեսական միջոցները կը գոյանան փոքր նուիրատուներու սրտաբուխ նուէրներէն, եւ գործունէութեան առանցքը՝ համամարդկային անոր առաքելութեան հաւատացող կամաւորներու ձեռային աշխատանքն է։ Արդարեւ, տղամարդոց կողքին իգական սեռի ներկայացուցիչները, իրենց նրբակերտ թեւերը սոթտելով՝ յաճախ տնեցիներուն հետ կը ծեփեն ու կը ներկեն չքաւոր այդ հայորդիներուն անկտուր մնացած ու երկրաշարժէն վնասուած տուները, որոնց բնակիչները… ամօ՛թ մեզի, հազա՛ր ամօթ… մեծ աղէտէն քսան տարի ետք՝ տակաւին «տոմիկ»ներու մէջ կ՛ապրին ու զաւակներ կը մեծցնեն։ Մեզմէ անոնք, որոնք այցելած են այդ շրջանները, փորձառութեամբ գիտեն, թէ ի՛նչ ըսել է ամբողջ ընտանիք մը «տոմիկ»ի կամ «քոնթէյնըր»ի մէջ տարիներով բանտելը, եւ դեռ կ՛ակնկալենք, որ այդ մարդիկը աւելի արժանավայել կեանքի փնտռտուքով օտար ափեր չմեկնին… ու իրենց մերկ կուրծքերով Հայաստանի սահմանները պահպանեն։
«Ֆուլլըր» կամաւորական կազմակերպութիւնը միայն Վանաձորի մէջ 2009էն ի վեր, ցարդ 32 տուներու վերանորոգման օժանդակած է, եւ գալիք Մայիս 20ին, 15 բնակարաններ եւս պիտի յանձնուին «տոմիկ»ներու մէջ հիւծող իրենց տէրերուն։
Մեզմէ անոնք, որոնք գործնական հայրենասիրութեան կը հաւատան, համոզուած են, թէ այսպիսի մարդասիրական գործունէութեամբ կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանի հայաթափումը կասեցնել, ուրեմն՝ պիտի բանիւ ու գործով նեցուկ կանգնինք ասոր նման ազգակերտման աստուածահաճոյ ծրագիրներու։
«Ֆուլլըր»ի գործունէութեան հայող ծանուցաթերթիկներու ընթերցումէն կ՛իմանանք, թէ տարբեր երկիրներէ հայ եւ օտար կամաւորներ, վերանորոգուող բնակարաններու տէրերուն հետ կողք կողքի, կը նախաձեռնեն նորոգութեան գործին, իսկ գունաւոր լուսանկարներէն կարելի է եզրակացնել, թէ նոյնիսկ պարման-պարմանուհիներ կը մասնակցին այդ աշխատանքներուն։
Հարկ կը տեսնենք նաեւ աւելցնել, թէ այդ կազմակերպութեան կից գործող խորհրդատու մարմինին մէջ կարելի է հանդիպիլ վեց հայուհիներու՝ գլխաւորութեամբ համակրելի Պարպարա Յովսէփեանի:
Ստորեւ՝ Հայաստանի մէջ շինարարական արժէքները.
Մուտքի նոր դուռ զետեղելը՝ 312 տոլար
Ներսի դուռ՝ 130
Տան մը բոլոր դռները՝ 883
Պատուհան մը զետեղելը՝ 56
Տան բոլոր պատուհանները՝ 780
Նոր երդիկ կառուցելը՝ 2338
Նոր բաղնիք մը՝ 1429
Նոր տախտակամած մը՝ 909
Ներքնամասի ներկի փոխարժէքը՝ 520
Ծանօթ. Դրամական ձեր նուէրներուն եւ կամաւոր աշխատանքի համար այցելել
www.fullercenterarmenia.org կայքը: