ԹԱՒՐԻԶ.- Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, Ատրպատականի Հայոց թեմին մէջ, Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի Փետրուար 15ին եւ 16ին, տեղի ունեցան ժողովրդային հանդիսութիւններ՝ աշակերտական եւ երգչախմբային ելոյթներով: Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» իրենց կեանքը նուիրաբերած սուրբ քաջամարտիկներու յիշատակին:
Վարդանանց տօնակատարութեան ծիրէն ներս, Ատրպատականի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան ուղղուեցաւ դէպի Աւարայրի դաշտը, յարգանքի տուրք ընծայելու 451 թուականին նահատակուած քաջարի Սպարապետ Սուրբ Վարդանին, եւ անոր նահատակակից 9 նախարարներուն եւ 1036 վկաներուն: Աթոռանիստ Թաւրիզէն ցամաքի ճամբով 2:30 ժամ հեռու գտնուող Աւարայրի դաշտը հասնելու համար, հայր սուրբին ինքնաշարժը սուրաց ու անցաւ պատմական Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներէն (այժմու՝ Խոյ եւ Զերւա քաղաքներ), եւ հասաւ Տղմուտ (այժմու՝ Աղչա) գետի ափին բացուած դաշտը, ուր արի արանց բանակը 66,000 քաջերով մարտնչեցաւ պարսից 300,000 հաշուող բանակին դէմ: Դաշտին մէջ, հսկայ տարբեր ժայռերու եւ անշարժ քարերու վրայ քանդակուած կային խաչանշաններ, որոնք իրենց հնութեամբ կ՛երթան մինչեւ Վարդանանց օրերը, երբ հաւանաբար հայ բանակի զինուորներ իբրեւ իրենց հաւատքի վերջին արտայայտութիւն, դրոշմած էին զանոնք այնտեղ:
Աւարայրի դաշտին վրայ, կաթողիկոսական փոխանորդի գլխաւորութեամբ երգուեցան Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց նուիրուած շարականներ եւ ազգային վարդանաշունչ երգեր:
Իր սրտի խօսքը ուղղելով, Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան ըսաւ. «Մանուկ տարիքէս այս բոլոր երգերը երգած եմ, մանկապարտէզի տարիներուս Քաջ Վարդանի թոռը ըլլալս հաստատած եմ խանդավառ ասմունքով, սակայն այս պահը ինծի համար Աւարայրի խորհուրդով հայօրէն վերստի՛ն ծնելու եւ Տղմուտ ալիքներով ազգային ոգիիս յուզելու խորունկ նշանակութիւն ունի: Վարդան զօրավարի եւ միւս բոլոր նահատակներուն բոսոր սուրբ արիւնը ըմպած այս հողը նուիրական է իւրաքանչիւր հայու համար, որ իր երակներուն մէջ դեռ կը զգայ արիւնը Վարդան սպարապետի, Խորէն Խորխորունիի, Գարեգին Սրուանձտեանցի, Հմայեակ Դիմաքսեանի, Ղեւոնդ Երէցի եւ միւս բոլոր նահատակ զինուորներուն: Հողէն ոյժ առած կը վերադառնամ մեր ազգի նահատակութեան այս բագինէն, աւելի՛ զօրացած քրիստոնէական հաւատքիս ու ազգային ծառայութեան ուխտիս մէջ: Դեռ բիւրաւոր սերունդներ պիտի դաստիարակուին Աւարայրի յաւերժական խորհուրդով, որ այսօր շօշափելի իրականութիւն դարձաւ ինծի համար»:
Փետրուար 15ի երեկոյեան ժամը 8ին, նախագահութեամբ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի տեղի ունեցան Վարդանանց զօրավարաց յիշատակի տօնակատարութիւններ: Նախաձեռնութեամբ Թաւրիզի Հայկական դպրոցներու տնօրէնութեան, եւ համագործակցութեամբ ՀՕՄի «Ծերունի Գասպարեան» մանկապարտէզին, Ազգ. առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ գեղարուեստական յայտագրով եւ բանախօսութեամբ նշուեցաւ Վարդանանց տօնը:
Բացման խօսքով, Լուսիկ Դանղեան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին, յատկապէս նոր սերունդին մասնակցութեան սոյն հանդիսութեան: Ապա, մանկապարտէզի մանուկները Քաջ Վարդանի եւ մեր հայրենիքին նուիրուած մանկական երգերով եւ ասմունքներով խանդավառեցին ներկաները, երաժշտութեան ուսուցիչ Կարէն Սարգսեանի նուագակցութեամբ:
Այնուհետեւ Թաւրիզի Հայկական դպրոցներու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտական երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական երգերով, խմբավարութեամբ Նարինէ Սայեադեանի: Մէջ ընդ մէջ աշակերտ-աշակերտուհիներ հանդէս եկան ասմունքներով եւ Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց տօներու մասին իրենց պատրաստած շահեկան ուսումնասիրութիւններով:
Օրուան բանախօսուհին էր Թաւրիզի Հայկական դպրոցներու ընդհ. տնօրէնուհի Արմինէ Վահրամեան: Ան խոր վերլուծումով անդրադարձաւ Վարդանանցի այժմէական իմաստին եւ նշանակութեան: Բանախօսուհին նաեւ Վարդանի ու Վասակի կերպարներուն ընդմէջէն դուրս բերաւ հայրենասիրութեան եւ դաւաճանութեան հակադիր երեւոյթները, եւ զանոնք առնչեց այսօրուան մեր կեանքին: Ի վերջոյ, Տիկ. Արմինէ Վահրամեան խօսեցաւ Վարդանանց ոգիէն բխող՝ միասնականութեան պատգամին:
Գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ երաժիշտ-խմբավար Վարդան Վահրամեանի: Ազգային հայրենասիրական վարդանաշունչ երգերով, երգչախումբը լիացուց ներկաներուն սրտերը, եւ խանդավառ ծափողջոյններու առիթ հանդիսացաւ: Մեներգներով հանդէս եկան նաեւ Նարինէ Սայեադեան եւ տոքթ. Արա Մելիքեան:
Կաթողիկոսական փոխանորդը իր եզրափակիչ պատգամը փոխանցելով ներկաներուն, անհուն ուրախութիւնը յայտնեց, որ իր կեանքի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Վարդանանց տօնակատարութեան կը մասնակցի Պարսկաստանի մէջ, եւ ճիշդ այն թեմին մէջ, ուր կը գտնուի Աւարայրի դաշտը: Ան իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, եւ խօսեցաւ Վարդանի այժմու բանակէն՝ մեր ազգային հասարակական կեանքէն չհեռանալու, եւ Վասակի նման դասալիք չըլլալու մասին: Ան կոչ ուղղեց համախմբուելու Ազգ. առաջնորդարանին շուրջ, մեր կառոյցներուն եւ միութիւններուն շուրջ, իրարու թիկունք կանգնելով աւելի՛ հզօրանալու եւ մեր ազգային կեանքը հզօրացնելու համար:
Ուրմիա քաղաքին մէջ եւս տեղի ունեցան դպրոցական ձեռնարկներ, նշելու համար Սրբոց Վարդանանց յիշատակը:
Փետրուար 15ի առաւօտեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, Ս. Վարդանանց զօրավարաց նահատակութեան յիշատակին: Ս. պատարագը մատուցեց եւ ներկայ հաւատացեալներուն յաւուր պատշաճի իր պատգամը փոխանցեց, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդը: Պատարագին ներկայ գտնուեցան Թաւրիզի հայկական դպրոցներու աշակերտներ եւ հաւատացեալներ:
Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ վկաներու քաջութեան եւ անոնց արեամբ նահատակութեան իմաստին, եւ մանաւանդ անոնց դերակատարութեան՝ քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքին մէջ: Ապա, շարականի մէկ հատուածը վեր բերելով, Հայր Սուրբը ցոյց տուաւ, որ շարականագիր վարդապետը «առաքինեաց գլուխ եւ պսակ» է անուանած Քաջ Վարդան Մամիկոնեան Հայոց Սպարապետը: Ուստի ան խօսեցաւ առաքինութեան մասին, որ ամէն բանէ առաջ կը նշանակէ «մոռնալ Ես-ը, եւ թողուլ որ Աստուած ներգործէ մեր միջոցաւ: Այդպէս ըրաւ Վարդան Զօրավար, անձնուրաց ոգիով Աւարայրի դաշտ երթալով, վասն հաւատո՛յ եւ վասն հայրենեա՛ց» ըսաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդը:
Ս. պատարագի աւարտին, երգուեցան Վարդանանց նուիրուած ազգայնաշունչ երգեր, ազգային յոյզերով փոթորկելով ներկայ հաւատացեալներուն հոգիները:
Ուրմիայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ եւս մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, եւ եկեղեցական արարողութեամբ նշուեց Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց յիշատակի տօնը: