
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի աշակերտները այս տարի եւս իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՔԱՀԱՄի մրցումներուն. վարժարանին խումբը կրցած է երրորդ դիրքը գրաւել ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ Յունուար 21ին կայացած փինկ-փոնկի մրցաշարքի խմբային դասաւորման մէջ:
Հայկական հինգ այլ վարժարաններ իրենց մասնակցութիւնը բերած են մրցաշարքին:
Վարժարանը 4րդէն 7րդ դասարաններու 18 աշակերտներով մասնակցած է մրցաշարքին: