
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Զտումի մրցաշարքերէն ընտրուելով՝ Էլիզապէթ Պետրոսեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Փետրուար 4-5ին, Լոս Անճելըսի «Պերնսթին» երկրորդական վարժարանին մէջ կայացած մարմնամարզի միջազգային մրցաշարքին, որուն կը մասնակցէին նաեւ աշխարհի տարածքէն աւելի քան 200 մարմնամարզիկներ:
Կրտսերներու դասաւորումին մէջ, Էլիզապէթ Պետրոսեան 7րդ հանդիսացաւ՝ դառնալով Լոս Անճելըսի մարմնամարզութեան վարժարանի ամենաբարձր դասուած մարզիկը:
«Ախոյեաններու Լոս Անճելըսի Լոյսեր» անունով մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Մեքսիքայէն, Փորթօ Ռիքոյէն, Հայաստանէն, Չինաստանէն եւ Գանատայէն բարձրորակ մարմնամարզիկներ:
Լոս Անճելըսի մարմնամարզութեան սոյն մրցաշարքը կը վայելէր Լոս Անճելըսի մարմնամարզութեան վարժարանի ու Մարմնամարզութեան միջազգային դաշնակցութեան հովանաւորութիւնը: