
ՄՈՍԿՈՒԱ, ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ», «Էյ.Փի.Էյ.».- Մոսկուայի գրականագէտներու կեդրոնական տան մէջ, Չորեքշաբթի, Փետրուար 22ին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէն բաղկացած աշխատանքային խումբին հանդիպումը: Ատրպեճանական կողմը ներկայացուցած են արուեստագէտ Ֆարհատ Պատալպէյլին, փրոֆ. Քեմալ Ապտուլլան, Ատրպէյճանի ազգային երաժշտանոցի ղեկավար Սիյաւուշ Քերիմլին եւ ուրիշներ: Հայաստանէն մասնակցած են Պետական թատրոնի եւ շարժապատկերի հիմնարկի վարիչ Արմէն Մազմանեան, պատգամաւոր Հերմինէ Նաղտալեան, «Առաւօտ»ի աւագ խմբագիր Արամ Աբրահամեան եւ «Ռոլան Պիքով» հիմնարկի վարիչ Նունէ Մանուկեան:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեան, նախկին դեսպան Արմէն Սմբատեան, Ռուսիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու եւ Ռուսիոյ նախագահի՝ մշակութային համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյ:
Շվիտքոյ այս մայսին ըսած է. «Դիւանագիտական շփումներու մէջ երկար ժամանակ ընդմիջումներ տեղի չէին ունեցած, սակայն բաւական երկար ատեն ընդհատուած էր Փոլատ Պիւլպիւլօղլուի եւ Արմէն Սմբատեանի նախաձեռնութեամբ սկսած երկխօսութիւնը»: Նման ձեւաչափով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 2006ին, իսկ ընթացիկ Փետրուար 22ինը՝ երրորդն էր. ծրագրուած է յաջորդ հանդիպումը Մայիսին կատարել, սակայն անոր վայրը ցարդ չէ որոշուած:
Պիւլպիւլօղլուի համաձայն՝ կողմերը շարք մը առաջարկներու շուրջ խօսած են, սակայն մանրամասնութիւններ չեն տուած անոնց մասին: Ան աւելցուցած է, թէ հանդիպումը Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու վերջին հանդիպման յանձնարարականներուն վրայ հիմնուած էր: