
ՊՈԼԻՍ, «Թերթ».- Սիւզան Խարտալեանի հեղինակած «Մեծ Մայրիկիս Դաջուածքները» շարժանկարի ցուցադրութիւնը Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին եւ 16ին, Պոլսոյ Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ, շարժապատկերի փառատօնի մը ծրագիրին իբրեւ մէկ մաս:
Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ 9-19 Մարտին, որմէ ետք պիտի շարունակուի Վանի, Հաքքիարիի եւ Չանաքալէի մէջ: Այս իրադարձութեան պիտի մասնակցին աւելի քան քսան երկիրներ՝ ներկայացնելով 70է աւելի շարժանկարներ, ներկայ պիտի գտնուին նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն հիւրեր, տեղի պիտի ունենան լայնատարած ցուցադրութիւններ, քննարկումներ, համաժողովներ եւ սեմինարներ: Նոյն ծիրէն ներս պիտի նշուի նաեւ փառատօնին 10ամեակը: