ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը 26-29 Փետրուարին կը կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ՝ նուիրուած սումկայիթեան ջարդերուն զոհ գացած ատրպէյճանահայութեան յիշատակին: Խորհուրդը «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ 26 Փետրուարին զոհերուն նուիրուած պատարագ պիտի մատուցուի Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայկական առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Նոյն օրը Փարիզի Երեւանի պարտէզին մօտ գտնուող Կոմիտասի յուշարձանին ծաղկեպսակներ պիտի զետեղուին եւ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի ձեռնարկ:
27 Փետրուարի երեկոյեան, Փարիզի 9րդ թաղամասի քաղաքապետարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, որուն պիտի մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան:
«Խաղաղութիւն Ղարաբաղին» ձեռնարկներու ծիրին մէջ 29 Փետրուարին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ճշմարտութիւն եւ կեղծիք» խորագիրով հանդիպում-քննարկումը: