
ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Բանակին մէջ զոհուած զինուորներու ծնողնե-րուն կողմէ Փետրուար 23ին կայացած խաղաղ ցոյցին ընթացքին, Հայաստանի ոստիկաններէն մէկը հրած է զինուորական ծառայող Վալերի Մուրադեանի մայրը՝ Նանա Մուրադեանը, եւ անոր ձեռքէն խլելով զաւկին լուսանկարը՝ զայն ճմռթկած ու գետին նետած է։
Ոստիկանը անձնասպանութիւն գործած զինուորի մօր հետ այդպէս վարուած է միայն այն պատճառով, որ ան անցած է փողոցը եւ կանգնած է նախագահական նստավայրի դարպասներուն մօտ՝ պահանջելով իր որդիին մահուան պատճառներու բացայայտում: Այս վերաբերումին արժանացած մայրը ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանէն կը պահանջէ աշխատանքէն հեռացնել ու պատժել իր որդիին յիշատակը անարգած ոստիկանը: