
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ հարցերով Հինգշաբթի, Մարտ 1ին ներկայացուած զեկոյցի մը մէջ, որ պատգամաւորներու ձայներու մեծամասնութեամբ վաւերացուեցաւ, անհանգստութիւն կը յայտնուի «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի գործով Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանին կողմէ հրապարակուած խնդրայարոյց վճիռին կապակցութեամբ:
Եւրոխորհրդարանը անգամ մը եւս կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ, որ նկատի առնէ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին կողմէ Տինքի սպանութեան հետ կապուած որոշումը, որ կը պահանջէ մանրամասնօրէն հետաքննել յանցագործութեան բոլոր տուեալները, եւ բացայայտել սպանութեան բոլոր պատասխանատուները:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի. «Հրանդ Տինքի դատական գործը փորձ մըն է՝ Թուրքիոյ մէջ իրաւունքի գերակայութեան եւ դատարաններու անկախութեան համար»:
Զեկոյցը նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ընէ վերատեսութեան ենթարկելու «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ի օրէնքն ու Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքը, ինչպէս նաեւ արագացնելու քաղաքացիական նոր սահմանադրութեան մշակման աշխատանքները: