
ՍԻՆՍԻՆԵԹԻ.- «Փոլիթիքօ» հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի, Մարտ 6ին, Օհայոյի երկրորդ ընտրատարածքին մէջ տեղի ոaւնեցած Ներկայացուցիչներու տան նախնական ընտրութիւններուն ընթացքին, 7 անգամ քոնկրեսական ընտրուած հանրապետական թեկնածու Ճին Շմիթ, որ ծանօթ է իր թրքամէտ կեցուածքներով, պարտութիւն կրած է առաջին անգամ ըլլալով քոնկրեսական ընտրութեան մասնակցող թեկնածուէ մը:
«Փոլիթիքօ»ն Շմիթի պարտութիւնը կը կապէ 2008ի քոնկրեսական ընտրութեանց ընթացքին Շմիթի եւ Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու Տէյվիտ Գրիգորեանի միջեւ ծագած բանավէճին, որուն ընթացքին բացայայտուած էր, թէ Շմիթ յատկանշական օժանդակութիւն ստացած է Թուրքիոյ ի նպաստ լոպիական աշխատանք կատարող հիմնարկներէ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Շմիթի պարտութիւնը՝ յիշեցնելով, որ ան պայքարած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւերուն դէմ:
Անցեալ տարուան Օգոստոսին, Ներկայացուցիչներու տան Բարոյական հարցերու յանձնախումբը վճրեց, թէ Շմիթ պէտք է վերադարձնէ 2008էն 2010ի միջեւ թրքական լոպիական հիմնարկներէն ստացած մօտաւորապէս 500,000 տոլար գումարը, սակայն անոր դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ չորդեգրեց: