
Մարտ 5ին, Սամցխէ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող, «ԱՅ-Ինֆօ» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արտակ Գաբրիէլեան հասած է Եւրոպա՝ քաղաքական եւ համայնքային հանդիպումներ ունենալու նպատակով:
Մարտ 6ին, Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակին աջակցութեամբ, Արտակ Գաբրիէլեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն եւ Եւրոպական Միութեան տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Առանձին հանդիպումներ կայացած են նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Էորղոս Փափասթամքոսի (Եւրոխորհրդարանի Հարաւային Կովկասի պատուիրակութեան անդամ), Թրայեան Ունկուրէանուի (Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ եւ Սեւ-ծովեան հարցերով զեկուցաբեր, Եւրոնեսթի փոխնախագահ) եւ Անտրէյ Քովաչեւի հետ (Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ): Անոր ընկերակցած են Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակէն Գասպար Կարապետեան եւ Պետօ Տէմիրճեան։ Անոր տեսակցութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ 9 Մարտ։
Իր ունեցած բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին Արտակ Գաբրիէլեան իր զրուցակիցներուն յանձնած է Սամցխէ æաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի կողմէ յուշագիր մը, ուր ներկայացուած են շրջանի հայութեան դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ լուծման ձեւերն ու ջաւախքահայութեան պահանջները՝
ա) Վերջ տալ երկրամասի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու ճիգերուն.
բ) Տեղական եւ պետական կառավարման կառոյցներուն մէջ բարելաւել հայերուն ներկայացուածութիւնը.
գ) Ընկերային եւ տնտեսական զարգացման ծրագիրներ, որպէսզի շրջանի վիճակը նման ըլլայ այլ շրջաններու կացութեան.
դ) Ազգաբնակչութեան հայ մեծամասնութիւն ունեցող վարչական շրջաններու կառավարման մարմիններուն մէջ հայոց լեզուի օգտագործման իրաւունք.
է) Վրաստանի մէջ ինքնավար տարածքային միաւորի կարգավիճակ Սամցխէ æաւախքին եւ յարակից Ծալկա շրջանին:
Արտակ Գաբրիէլեան իր հանդիպումներուն ընթացքին մանրամասն կերպով խօսեցաւ այս հարցերուն մասին եւ շեշտեց, որ ինք Պրիւքսէլ կը գտնուի, որովհետեւ Վրաստանի իշխանութիւնները ոչ մէկ պատասխան կու տան իրենց կողմէ կատարուած դիմումներուն, հանդիպումներու առիթ չեն ստեղծեր, եւ որովհետեւ իրենք կը փափաքին, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ ընդհանրապէս Եւրոպան աջակցին իրենց բարեկամ Վրաստանին՝ æաւախքի հարցերը ճիշդ ձեւով լուծելու։