
ՊՈԼՒՍ, «Մարմարա».- Մալաթիոյ քաղաքապետական խորհուրդի վերջին նիստի ընթացքին կրկին օրակարգի բերուեցաւ Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատան մէջ քանդուած աղօթարանի, պահապանի բնակարանի եւ այլ կառոյցներու հարցը՝ ստեղծելով լարուած մթնոլորտ մը ու պատճառ դառնալով բանավէճի մը, որուն ընթացքին քաղաքապետական խորհուրդի կարգ մը անդամներ զիրար նախատեցին:
Ինչպէս հաղորդած ենք, մալաթիացի հայերու կողմէ հաւաքուած գումարով կարգ մը շինութիւններ կը կատարուէին հայոց գերեզմանատան մէջ, բայց քաղաքապետին մէկ հրահանգով յանկարծ քանդուած էին մինչեւ հիմա կառուցուածները՝ ներառեալ մատուռը։
Քաղաքապետը աւելի ուշ ըսած էր, որ ինք հրահանգած էր միայն պահապանի բնակարանին փլուզումը, սակայն բանուորները՝ սխալմամբ՝ բոլոր կառոյցները քանդած էին: Քաղաքապետութիւնը խոստացած էր քանդուածները վերակառուցել իր սեփական միջոցներով։
Քաղաքապետական խորհուրդի անկախ անդամներէն Մեհմետ Մորան քննարկման ընթացքին պնդեց, որ քանդուած բաժինները կը կառուցուէին ապօրինի կերպով, որովհետեւ անոնց շինութեան համար հարկաւոր արտօնութիւնը չէր տրուած: Ան նաեւ քննադատեց Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, որ աղմուկ բարձրացուցած էր՝ բողոքելով քանդումին դէմ։ Մորան նիստի ընթացքին իր համակարգիչին վրայ նաեւ ցոյց տուաւ զանազան լուսանկարներ, որոնց մէջ հայեր կը հրկիզէին թրքական դրօշակը։ Մորան կծու խօսքեր ըսաւ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան հասցէին՝ պնդելով, որ մինչ այդ, կուսակցութիւնը միշտ կը պայքարի ամէն տեսակ ապօրինութեան դէմ, այս անգամ կողմնակից եղաւ այս անօրէն շինութիւններուն։
Այս ելոյթին դիմաց, քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ Տողան Ալտաշ, որ անդամ է Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, կարգի հրաւիրեց Մորանը՝ պոռալով. «Դուն ո՞վ ես, որ կ՛արատաւորես մեր կուսակցութիւնը. նստէ՛ տեղդ»:
Այդ միջոցին խորհուրդին անդամները սկսան նախատելու զիրար։ Փոխնախագահ Էրթան Մումճու եւ միւս անդամները միջամտեցին ու մթնոլորտը մեղմացուցին։ Այնուհետեւ, Ալտաշ բացատրեց, որ հայոց գերեզմանատան մէջ շինութիւնը սկսած էր քաղաքապետին արտօնութեամբ, ուստի ապօրինի շինութիւնը խնդրոյ առարկայ չէր։ Ալտաշ յիշեցուց, որ բազմաթիւ Եւրոպական երկիրներու մէջ մզկիթներ կան ու այդ երկիրները բնաւ չեն մտածեր այդ մզկիթները քանդելու մասին։