ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ»ը մեծադիր խորագիրով մը արձագանգ կը հանդիսանայ Ֆրանսայէն լուրի մը, որ Թուրքիոյ հանրային կարծիքին գոհացում տալու բնոյթ ունի։ Ըստ հաղորդուած լուրին՝ Ֆրանսայի մէջ ցեղապաշտ քաղաքագէտ Մարի լը Փեն բողոքած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումին դէմ ու ըսած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութենէն առաջ, Ֆրանսա նախ պէտք է ճանչնայ Ալճերիոյ մէջ արաբներու վրայ գործադրուած սպանդը։
Լը Փենի այս ելոյթը թերթին կողմէ կը մեկնաբանուի իբրեւ Սարքոզիի ու Հոլանտի դէմ բողոք։ «Մինչ Սարքոզի ու Հոլանտ կը ջանան կորզել հայերուն քուէները, լը Փեն այս կերպով կը ջանայ կորզել արաբներուն քուէները», կը գրէ թերթը։
Յատկանշական է, որ լը Փեն յաճախ Ֆրանսայի մէջ ապրող իսլամներու բարքերուն դէմ կ՛արտայայտուի եւ կը պաշտպանէ օտարականները Ֆրանսայէն արտաքսելու գաղափարը:
Թղթակիցը կը նշէ, որ Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու շարժումը սկսաւ, երբ Թուրքիոյ վարչապետը Ֆրանսայի յիշեցուց Ալճերիոյ ջարդերը։
Միւս կողմէ, Սարքոզի յայտնած է, որ երկրին մէջ օտարերկրացիներու թիւը չափէն աւելի շատ է, եւ «անոնց ընդելուզման հարցով զբաղող համակարգը չափազանց վատ կ՛աշխատի»: Ան աւելցուցած է, թէ նախագահ վերընտրուելու պարագային՝ կիսով պիտի կրճատէ նոր ժամանողներուն թիւը: Սարքոզի, որուն հայրը հունգարացի ներգաղթեալ մըն է, յայտնած է, որ թէեւ ներգաղթը կրնայ նպաստել երկրի զարգացման, սակայն անիկա պէտք է չափաւոր ըլլայ: Սարքոզի Ապրիլ 22ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին պիտի մրցի Հոլանտի դէմ, որ ըստ հարցախոյզներու՝ Սարքոզիի նկատմամբ առաւելութիւն ունի: