
ՓՐՈՖ. ԷԹԻԷՆ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Օր մը հինգ տարեկան մանուկ մը, Ալեքսանտրէթի «Գարմելեան» ուխտին պատկանող մատրան մէջ երգեհոնիկով կը զուարճանար, երբ վանահայրը, որ հեռուէն կը հետեւէր փոքրիկ նուագածուին սխրանքներուն, մօտեցաւ անոր ու հարց տուաւ եթէ ան կ՛ուզէր երաժշտութիւն սորվիլ…
Անակնկալի գալով՝ «այո» պատասխանեց փոքրիկն Պօղոս Ճելալեան, առանց իր խանդավառութենէն հիւլէ մը զիջելու:
Այսպիսով է, որ անիկա մուտք գործեց երաժշտութեան տարերքը: Պէտք է աւելցնել նաեւ, թէ իրենց տան մէջ տիրող մթնոլորտը նպաստեց, որ մանուկ հասակէն անոր մէջ ծաղկէր երաժշտութեան սէրը: Արդարեւ, անոր հայրը վարպետ սրինգահար էր եւ զաւակին մէջ երաժշտութեան հանդէպ սէրը հրահրելու համար, անոր երգեհոնիկ մը կը նուիրէր, որուն միջոցով մանչը մեղեդիներ կը փորձէր յօրինել: Ու այդ սէրը իրեն մէջ ուռճանալով՝ պաշտամունքի վերածուեցաւ, երբ անիկա սկսաւ երգեհոնի վրայ բազմաձայն երաժշտութեան մեծ վարպետներու՝ Պրիւքթեհիւտի, Պախի եւ Հենտըլի ստեղծագործութիւնները նուագել: Այսպիսով, ան բնականօրէն նուաճեց յօրինումի բնագաւառը:
Ու քանի մը տարի ետք Լիբանան գաղթելով՝ Պէյրութի մէջ ան կը ծանօթանար հանրայայտ մանկավարժ Պերթրան Ռոպիայի եւ Պելլինկի հետ՝ Ռուսիոյ Ցարական պալատի նուագախումբի նախկին խմբավարին: Իրարմէ բոլորովին տարբեր, հոյակապ մշակոյթներու ներկայացուցիչներու դասընթացքը, իրեն առջեւ պիտի բանար ու առիթ տար անոր համադրելու եւ իրեն իւրայատուկ ոճ մը զարգացնելու, ինչ որ ֆրանսական դպրոցին մօտիկ ըլլալով հանդերձ՝ արեւելեան զգայնութիւն կ՛արտացոլար՝ անոր յօրինումներուն առանձնայատկութիւն մը շնորհելով:
Դժուարահաճ ճաշակի տէր արուեստագէտ մը ըլլալով՝ ամէն «ժանր»ի երաժշտութիւն կը սիրէր եւ կրնար դիւրութեամբ Պեթհովընէն՝ Պենի Կուրմէն անցնիլ, Շարլ Ազնաւուրի ստեղծագործութենէն՝ Սքարլաթիի մէկ «սոնա»չին, Ռահպանիներու «տապքէ»էն՝ Մոցարթի «սոնա»չին: Դասական ճազ, թեթեւ երաժշտութիւն կամ ֆոլքլոր՝ կարեւոր չէ՛ր, այնքան ատեն, որ երաժշտութիւնը հարազատ ըլլար՝ անմիջական եւ սրտի խորերէն ժայթքող:
Վաթսունական թուականներուն, Ճելալեան յաճախ հրաւէր կը ստանար իր մասնակցութիւնը բերելու «Պաալպեքի միջազգային Ֆեսթիվալ»էն հնչող՝ «Լիբանանեան գիշերներ» յայտնի յայտագիրին: Իրեն կը յանձնուէր երաժշտական պատառիկներ՝ «երգեր ու Տապքէյի ռիթմեր», զորս պէտք էր դասաւորէր, ապա նուագախումբին համար դաշնաւորէր: Պարտականութիւն մը՝ որ կատարեալ նուիրումով ու բծախնդրութեամբ կը կատարէր: Կը պատահէր, որ ամբողջ քսան ժամ ճգնէր երեք վայրկեան տեւողութեամբ կարճ կտորի մը համար: Անոր երաժշտական հմտութիւնը այդպիսին էր որ իրեն «Պաթրաք» (պատրիարք) մակդիրը շնորհած էին լիբանանեան երաժշտական վերնախաւը կազմող շրջանակները:
Այլեւս «Պաթրաք»ը ո՛չ եւս է: Սակայն անոր անչափահաս աշակերտներէն քանինե՜ր «դպրեվանք» մտած են՝ կատարելագործելու համար դաշնակահարի կամ յօրինողի իրենց տաղանդը: Անիկա հպարտ էր իր հասցուցած աշակերտներու սերուցքով, որուն հարազատ զաւակի պէս կը գուրգուրար:
Երաժշտական դաստիարակութիւնը, զոր անոնց կը ջամբէր, իրեն մէջ աւելին կ՛ընդգրկէր, քան արձանագրուած նօթագրութիւնը: Պէտք էր, որ այդ նօթան ընթերցողի ամէնէն զգայուն կէտին՝ անոր սիրտի՛ն դպչէր:
Պօղոս Ճելալեան գերզգայուն էակ մըն էր եւ յաճախ կը վստահէր արուեստագէտի վեցերորդ զգայարանքին: Ան իր ժամանակին մեծագոյն տոկոսը դաշնամուրի աշակերտներ պատրաստելու գործին տրամադրեց. կատարելութեան հասնելու անոր գաղափարը այնպիսին էր, որ երբ դաշնակի դասեր կու տար (մեծ էր անոր աշակերտութեան թիւը), առաքելութիւն մը իրականացնելու գիտակցութեամբ կը կատարէր այդ պարտականութիւնը՝ լաւագոյնս մեկնաբանելով յօրինման հեղինակին մտածողութիւնը, եւ դաշնակահարի զգայուն մօտեցումով ու բծախնդրութեամբ արտայայտելով զայն:
Ուսանողը կրնար ժամէ մը աւելի յամենալ նոյն անցքին վրայ, մինչեւ որ դաստիարակը ստանար իր հետապնդած արդիւնքը կամ ձայնային նրբերանքը, զորս ան կը հետապնդէր ոտնակի (pedal) հպումով:
Պօղոս Ճելալեանի երաժշտական յօրինումներուն մեծ մասը նուիրուած է դաշնամուրի եւ սենեկային երաժշտութեան: Դաշնամուրի գործերէն կը յիշենք՝ «Sonatine», «Sonata Pianoforte», «Tre Cicli», «Canzone Toccata», իսկ խմբերգային գործերէն՝ Bach-I «Chaconne» եւ «Jesus que ma joie demeure»ը:
Պօղոս Ճելալեանի գործերուն մէջ կը գտնենք նաեւ «սոնա»չներ ջութակի եւ թաւ ջութակի համար, երգեհոնի մէկ «Թոքաթա», երկու ձայնաւորումներ՝ զլաձայնի (soprano) համար, թաւ ջութակի եղերերգութիւններ (Elegy), ջութակի համար՝ «Poem et Movement Perpetuel», սրինգի չորս մենանուագի խաղեր, եւ յատուկ կերպով կը նշենք նուագախումբի եօթը յաջորդութիւնները՝ Peters, Leipzig-ի հրատարակութեամբ:
Հանրայայտ երաժշտագէտը գրեթէ հիւանդագին խոնարհութեամբ կը յատկանշուէր եւ իր ստեղծագործութիւնները ձեւով մը իր անհատականութեան արտացոլումը եղան, քանի որ ան նուազագոյն հակումը ցոյց տուաւ հսկայածաւալ յօրինումներու, (մեծ ու ծաւալուն սինֆոնիաները ընդհանրապէս արդիւնք են անզուսպ փառամոլութեան): Իրեն համար երաժշտական յօրինում մը սեղմ պիտի ըլլար, սակայն նուրբ յղացքով՝ քիչ մը Տը Ռաւելի եւ Սքարլաթթիի ոճով… զոյգ մը մեծատաղանդ յօրինողներ, որոնց հանդէպ պաշտամունք ունէր ան:
Դեկտեմբեր 19ին ուղեղային արիւնահոսութեան հետեւանքով, որ ամբողջ վեց շաբաթ զայն մահաքունի մէջ պահեց, ընդմիշտ աչքերը փակեց մայեսթրօ Պօղոս Ճելալեան: Անշշուկ, լուռ հեռացաւ ան, ինչպէս ատակ են ընելու իրա՛ւ մեծութիւնները:
Ֆրանսերէնէ Թարգմանեց՝ ՊԳ
Ծանօթ: Փրոֆ. Էթիէն Գուբելեան (թարգմանիչին զարմիկը) փոքր հասակէն աշակերտած է ողբացեալ Ճելալեանի: Ան, իր կարգին, անուանի երաժշտագէտ է ու դասախօս՝ Լիբանանի Ազգային երաժշտանոցէն ներս:
Շնորհակալական խօսք «Այտընեան» երգչախումբի խմբավար Կրեկ Սարոյեանին, որուն արհեստավարժական փորձառութեան պէտք ունեցայ՝ Ճելալեանի ստեղծագործութիւններուն մասին պարբերութիւնը թարգմանելու համար: