
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը Ուրբաթ, Մարտ 16ին հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը գումար մը յատկացուցած է, որպէսզի նորոգուին Մալաթիոյ հայոց եկեղեցին եւ Վանք գիւղի եկեղեցին։
Մալաթիոյ աւելի քան 250ամեայ Ս. Թաշխորան եկեղեցին կը գտնուի այն թաղը, ուր ծնած էր Հրանդ Տինք։
Ներկայացուած ծրագիրը վաւերացուած է եւ որոշուած է պետական ամավարկէն ներդրումներ կատարել՝ այս եկեղեցիներուն մէջ վերականգնողական աշխատանքներ կատարելու նպատակով։ Կը նախատեսուի Մալաթիոյ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտել 2013ին:
Ս. Թաշխորան եկեղեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք անուշադրութեան մատնուած է: Եկեղեցւոյ փայտէ գմբէթը քանդուած է եւ անընթեռնելի դարձած են եկեղեցւոյ պատերուն փորագրութիւնները: