
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՆԱԹՕ մտադիր չէ միջամտել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին. այսպէս յայտարարած է Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ափաթուրայ:
«ՆԱԹՕ յոյս ունի, որ հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը կը գտնուի, սակայն կը փափաքիմ դարձեալ ընդգծել, որ ՆԱԹՕն ներգրաւուած չէ բանակցային գործընթացին մէջ: Բայց մենք պատրաստ ենք աջակցելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին, այս հակամարտութեան լուծումը գտնելու հարցով», ըսած է ան:
Ափաթուրայի համաձայն՝ բանակցային գործընթացը յաճախ կ՛ունենայ որոշ դժուարութիւններ, ինչ որ բնական նկատած է ինք: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է վերջերս աւելի յաճախակի դարձած ռազմական հռետորաբանութեան առթիւ, ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ սպառազինութեան ձեռքբերման առթիւ:
«Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը միջազգային լրատուամիջոցներու կողմէ չ՛արժանանար անհրաժեշտ ուշադրութեան», ցաւ յայտնած է ՆԱԹՕի ներկայացուցիչը: