ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց եւ պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ Հինգշաբթի, Մարտ 15ին հանդիպում մը ունեցաւ երգիչ Ճան Պոնոմոյի հետ, որ Մայիսին Թուրքիան պիտի ներկայացնէ Պաքուի մէջ կայանալիք «Եուրօվիժըն» մրցումին։ Հանդիպումը անգամ մը եւս առիթ հանդիսացաւ, որ Պաղըշ կրկնէ Հայաստանի հասցէին իր կարծր քննադատութիւնները։ Արդարեւ, հանդիպումէն ետք ան յայտարարեց. «Մենք կ՛ակնկալենք, որ Հայաստան ո՛չ թէ «Եուրօվիժըն»էն, այլ՝ Ղարաբաղէն քաշուի։ Լաւ կ՛ըլլայ, որ այս գաղափարը անգամ մը աչքէ անցընեն», ըսաւ Պաղըշ եւ աւելցուց. «Ո՛չ մէկ երկիր իրաւունք ունի քննադատելու Ատրպէյճանը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.