ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պոլսոյ ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ Հինգշաբթի, Մարտ 15ին ցուցադրուած է Սիւզան Խարտալեանի «Մեծ Մօրս Դաջուածքները» ֆիլմը, «Ֆիլմմօր» Կանանց միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծիրէն ներս:
Ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է ամբողջութեամբ լեցուն դահլիճի մը մէջ: Ներկայ եղած են Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր շրջանակներէ ներկայացուցիչներ, գիտնականներ, հանրայայտ բազմաթիւ անձիք, ինչպէս նաեւ՝ Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբանը: Առաջին ցուցադրութիւնը այնքա՛ն մեծ յաջողութիւն գտած է, որ ֆիլմը կրկին ցուցադրուած է:
Ցուցադրութենէն ետք, թուրք հանդիսատեսներէն մէկը համացանցային նամակ մը ուղած է Խարտալեանին, որ ներկայ չէր ֆիլմի ցուցադրութեան: Նամակին մէջ հանդիսատեսը գրած է. «Ցուցադրութենէն ետք բոլորը շատ յուզուած էին. ոչ ոք կը խօսէր եւ միայն իրարու կը նայէինք: Պահ մը այնքա՛ն մեղաւոր եւ կեղտոտ զգացի, որ կ՛ուզէի բարձրաձայն գոռալ: Ամբողջ ճանապարհին՝ դէպի տուն, լուռ էի: Հասնելով դրան՝ պահ մը նայեցայ երկինք. աստղերն այնքա՛ն պայծառ կը շողային, որ ինծի օգնեցին մէջս ուժ գտնելու՝ լուսաւոր ապագային հաւատալու»:
Այլ թուրք հանդիսատես մը Խարտալեանին գրած է, թէ ցուցադրութիւնը կազմակերպողները բազմաթիւ գրաւոր սպառնալիքներ ստացած են, սակայն հաստատ մնացած են ֆիլմը ցուցադրելու իրենց որոշումին վրայ:
Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի նաեւ Վանի, Հաքարիի եւ Չանաքալէի մէջ:
Նշենք, որ վերջերս ֆիլմը ցուցադրուած էր նաեւ Շուէտի Պետական պատկերասփիւռի կայանէն, որմէ ետք տեղի թրքական համայնքը մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր: