
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Իր արտառոց արտայայտութիւններով վերջերս լուսարձակներ խլած Թուրքիոյ կառավարութեան Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ Հինգշաբթի, Մարտ 22ին յայտարարած է, թէ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը շատ կրաւորական կեցուածք մը որդեգրած է Արցախի հարցով, եւ կոչ ըրած է անոր, որ կա՛մ յատկանշական արդիւնք ապահովէ եւ կամ ընդունի, որ չի կրնար իր նպատակները իրագործել եւ հեռանալ բանակցութեանց դաշտէն, որպէսզի ուրիշ մէկը ստանձնէ այդ պարտականութիւնը:
Պաղըշ աւելցուցած է, թէ Ատրպէյճանի «բռ-նագրաւուած տարածքները» ցաւ կը պատճառեն ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ՝ Թուրքիոյ, եւ «այս պատճառով Հայաստան պէտք է քաշուի Ղարաբաղէն. այն ատեն միայն տագնապը պիտի լուծուի»:
Ան պատասխանած է նաեւ Զուիցերիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր քայլին ստեղծած աղմուկին մասին հարցումի մը՝ պնդելով, թէ «պատմական հարցերու քննարկումը արգիլող» Զուիցերիոյ օրէնքները չեն համապատասխաներ Եւրոմիութեան արժէքներուն: