ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Հինգշաբթի, Մարտ 22ին հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ մը, Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ: Յայտարարութեան մէջ կողմերը կոչ կ՛ընեն յաւելեալ ջանքեր գործադրելու Արցախի հարցը լուծելու նպատակով:
«Տարածաշրջանի նոր սերունդը խնդիրի լուծման շուրջ ամբողջական տեղեկութիւն չի ստանար, ինչ որ աւելիով կը խորացնէ պատերազմին վէրքերը: Այդ պատճառով, մենք կոչ կ՛ընենք երկիրներու ղեկավարներուն՝ ժողովուրդին պատրաստելու խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի, կարելի եղածին չափ արագօրէն աւարտելու աշխատանքը ու վերջնական որոշում մը ընդունելու՝ հիմնուելով Հելսինքեան սկզբունքներու վրայ, բացառելով ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը, յարգելով տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի, միջազգային իրաւունքի սկզբունքները, որոնց շնորհիւ կացութիւնը պիտի փոխուի եւ տարածաշրջանին մէջ պիտի ստեղծուի աւելի ապահով եւ բարգաւաճ ապագայ մը», ըսուած է նախարարներ Հիլըրի Քլինթընի, Սերկէյ Լաւրովի ու Ալան Ժիւփէի համատեղ յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ՝ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Հինգշաբթի, Մարտ 22ին վաւերացուցած է Հայաստանի վերաբերեալ փաստաթուղթ մը, ուր, ի թիւս այլ դրոյթներու, առաջարկուած է, որ Եւրոմիութիւնը փոխարինէ Ֆրանսային՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին մէջ:
Փաստաթուղթը ի զօրու դառնալու համար պէտք է վաւերացուի Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին կողմէ, սակայն մասնագէտները այս դրոյթին հաստատումը շատ հաւանական չեն համարեր: