
– Անգարայի մօտ Իրանի դեսպանատան շէնքին վրայ 60ամեայ տղամարդ մը Մարտ 23ին երեք «Մոլոթոֆ քոքթէյլ»ներ նետած է՝ նիւթական վնասներ պատճառելով: Դեսպանատան դիմաց գտնուող դրամատան ապահովութեան աշխատակիցը յաջողած է բռնել յարձակողը եւ զայն յանձնած է ոստիկանութեան:
– Ատրպէյճանի արտաքին պարտքը, 2012ի Յունուար 1ի տուեալներով՝ հասած է 4.8 միլիառ տոլարի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անցեալ տարուան համեմատ՝ երկիրի արտաքին պարտքը 24.9 տոկոսով աճած է:
– Թրքական «Թարաֆ» թերթի խմբագիրը, որուն դէմ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դատ բացած էր, Մարտ 23ին անմեղ հռչակուեցաւ թրքական ատեանի մը կողմէ, յանցագործութեան տարրերու բացակայութեան պատճառով: Էրտողան դատ բացած էր այն պնդումով, որ Ահմետ Ալթան «լրատուութեան միջոցով վիրաւորած է զինք», եւ պահանջած էր, որ Ալթան 2.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուի:
– Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով քրտերէնով թուաբանութեան դասագիրք պատրաստուած է. այս մասին հաղորդած է թրքական «Սթար» թերթը:
– «Սթրաթֆոր» թերթի մէկ վերլուծաբանին համաձայն՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը զինեալ պայքարի ընտրանքին վերադառնալու որոշում տալով՝ Թուրքիոյ եւ աշխարհին ցոյց տուած է, թէ Անգարա ի վիճակի չէ իր ներքին խնդիրները լուծելու, հակառակ այն իրողութեան, որ անիկա կը փորձէ միջազգային շարք մը հարցերու միջնորդութիւն կատարել: