ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպեճանական «Gafgaz.info» կայքը հաղորդած է, թէ Մարտ 22ին, երկրի սահմանային զօրամասերէն մէկուն մէջ զինուոր մը անձնասպանութեան դիմած է: Յատկանշական է, որ անոր ծառայութիւնը միայն երեք ամիսէն պիտի աւարտէր: Այս շաբթուան ընթացքին այս մէկը անձնասպանութեան երկրորդ միջադէպն էր Ատրպէյճանի բանակին մէջ: «Էյ.Էն.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը նախապէս հաղորդած էր, թէ Մարտ 19ին անձնասպանութեան դիմած էր Աղդամի ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն զինուորներէն՝ Էլշան Հապիպովը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.