ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
2012ի Մարտ 16ը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) համար սովորական օր մըն էր, երբ Հայաստանի ու Թուվալուի ներկայացուցիչները ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ու Թուվալուի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին միացեալ յայտարարութիւն մը: Թուվալուն Խաղաղա-կան ովկիանոսի հարաւը գտնուող փոքր պետութիւն մըն է՝ Մենհեթընէն աւելի փոքր, որուն բնակչութիւնը հազիւ կը հասնի 10,000ի: Ո՞վ կը կարծէր, թէ նման սովորական յայտարարութիւն մը կրնայ այսքա՛ն ահազանգ հնչեցնել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ:
Այս լուրը չէր յայտնուեր համաշխարհային մամլոյ ուշադրութեան կեդրոնին, եթէ չըլլար թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի «խորաթափանց» լրագրող Ուղուր Էրկանի «սուր» աչքը: Ան կարճ ժամանակուան մէջ Թուվալուն հանեց անյայտութենէն՝ զայն դարձնելով ամէնէն աւելի քննարկուող երկիրը թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու շրջանակներէն ներս: Էրկան մէջբերեց անանուն թուրք պաշտօնատարներ՝ նշելով, որ Հայաստանը հաստատած է դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ թոներով դրամ խոստացած է Թուվալուին, որպէսզի անիկա ըլլայ Արցախը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչցող առաջին երկիրը:
Այնուհետեւ, Էրկան բացատրեց, թէ Անգարան «կ՛անհանգստացնէ» այն կասկածը, որ Թուվալուի կողմէ Արցախի ճանաչման համար Հայաստանը կ՛ընէ այն, ինչ թուրք պաշտօնատարներ ըրած են տասնամեակներ շարունակ, որն է՝ քաղաքական շահեր ստանալ դրամական նուէրներու փոխարէն: Անոնք իրենց սովորական գործելակերպը կը վերագրեն ուրիշներուն: Ինչպէս Աստուածաշունչը կը նշէ, անոնք կը տեսնեն ուրիշներու աչքերուն փուշը, սակայն չեն տեսներ իրենց աչքերուն գերանը:
Ատրպէյճանցի պաշտօնատարները ա՛լ աւելի ահազանգ բարձրացուցին. անոնք կ՛ենթադրեն, թէ Թուվալու արդէն շուտով պիտի ճանչնայ Արցախը: Իշխող Նոր Ատրպէյճան կուսակցութեան պատգամաւոր Այտըն Միրզազատէ, լրագրող Ի. Իզապալայեւայի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ծաղրեց Թուվալուի պատրաստակամութիւնը՝ «ճանչնալու որեւէ պետութիւն, նոյնիսկ գոյութիւն չունեցող երկիր մը՝ փոքր գումարի դիմաց»: Միրզազատէ լաւապէս կը հասկնայ կաշառքով ձայներ գնելու գործելակերպը: Միջազգային մամուլով յաճախ յայտարարուած է, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը անցեալ տարի ի գործ դրած էր երկրի վիթխարի քարիւղա-տոլարները՝ յատկապէս ֆինանսական միջոցներ տրամադրելով աղքատ երկիրներու՝ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին (Ատրպէյճանի) անդամակցութեան յօգուտ քուէներու դիմաց:
Ատրպէյճան կը հետեւի իր աւագ եղբօր՝ Թուրքիոյ՝ ՄԱԿի մէջ ձայներ գնելու քայլերուն: Կարեթ Ճենքինզ, «Eurasian Daily Monitor»ի մէջ կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պոլիս հրաւիրած է Թուվալուի, Թոնկայի, Նաուրուի, Վանուաթուի, Սոլոմըն կղզիներու, Մարշալ կղզիներու, Գուք կղզիներու, Փափուա, Նիւ Կինէի, Փալաուի, Ֆիճիի, Միքրոնեզիոյ եւ Սամօայի ղեկավարները, ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին Թուրքիոյ անդամակցութեան համար ձայներ ապահովելու նպատակով: Անհանգիստ մի՛ զգաք, եթէ երբեւիցէ չէք լսած Խաղաղական ովկիանոսի այս կղզիներուն անունները: Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ Ապտուլլաթիֆ Շեներ անկեղծօրէն խոստովանած էր. «Ես նախապէս երբե՛ք չէի լսած անոնցմէ քանի մը հատին անունները, սակայն անոնք բոլորն ալ քուէարկելու իրաւունք ունին ՄԱԿի մէջ»: Թուրքիոյ ծրագիրը յաջողեցաւ: 2008ին, Թուրքիա ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ աթոռ մը շահեցաւ՝ միլիոնաւոր տոլարներ առաջարկելով աշխարհի չորս անկիւնները սփռուած անյայտ տասնեակ երկիրներու:
«Հիւրրիյէ»չ թերթի առաւել անկեղծ մեկնաբան Եիլմազ Օզտիլ, համարձակօրէն հակադարձեց Էրկանի զեկոյցին՝ հաստատելով, որ Թուրքիան առաջինն էր, որ «կաշառքներ» առաջարկած է Թուվալուին եւ այլոց: Օզտիլ բացայայտեց, որ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ ընտրուելու համար, Թուրքիա կատարած է հետեւեալ միջնորդավճարները.
– Դեղորայք՝ Անկոլայի, Եթովպիոյ, Կամպիոյ, Սուտանի եւ Գոմորոսի.
– Առեւտուրի կեդրոն՝ Զիմպապուէի.
– Ախորներ՝ Մորիթանիոյ.
– Խմելու ջուրի ցանց՝ Նիճերիոյ.
– æրամբարներ՝ Եթովպիոյ.
– Գրենական պիտոյքներ՝ Կանայի.
– Դաշտային հիւանդանոց՝ Սուտանի.
– Անասնապահական արհեստագիտութիւն՝ Մոզամպիքի եւ Մորիթանիոյ.
– Ելեկտրական ցանց՝ Պենինի.
– Ձուլարաններ՝ Կամպիոյ.
– Վերապատրաստման դպրոցներ՝ Էրիթերիոյ, Թոկոյի, Լեսոթոյի եւ Ուկանտայի.
– Ոստիկանութեան վերապատրաստում՝ Կինէի մէջ.
– Պատուաստանիւթեր՝ Մալիի.
– Մարդասիրական աջակցութիւն՝ Թանզանիոյ եւ Չատի.
– Դպրոց՝ Քոնկոյի.
– Կոյուղիներու համակարգ՝ Լիպերիոյ եւ Սիէրա Լէոնի.
– VIP փոքր-հանրակառքեր՝ Փալաուի.
– Համակարգիչներ՝ Անթիկուայի.
– Սուրբ Վենսենթի եւ Կրենատինզի վարչապետը աղուհացով դիմաւորել, անոր գրպանները նուէրներով լեցնել եւ յատուկ ուղղաթիռ տրամադրել անոր՝ Իզմիր երթալու համար.
– Ֆութպոլի գնդակներու եւ յատուկ սարքերու նուիրաբերում՝ Թուվալուի:
Մէկ այլ թուրք մեկնաբան՝ Տենիզ Զէյրեք, «Ռատիքալ» թերթին մէջ գրած է զաւեշտալի յօդուած մը՝ «Թուվալո՛ւ, ետ տուր մեր ֆութպոլի գնդակները» խորագիրով: Զէյրեք կը յայտնէ, թէ ՄԱԿի մէջ ձայներ գնելու նպատակով՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու հարցուցած է այդ ժամանակ իր երկրին մէջ հիւրընկալուած Թուվալուի վարչապետին, թէ արդեօք անոր երկիրը որեւէ բանի կարիք ունի՞: Թուվալուի պաշտօնատարները ապշեցուցիչ պահանջ մը ներկայացուցած են: Անոնք ըսած են, որ իրենց երեխաները կը սիրեն ֆութպոլ խաղալ, սակայն գնդակ չունին: Թուրքիան անմիջապէս Թուվալու ուղարկած է հարիւրաւոր ֆութպոլի գնդակներ՝ անոնց սարքերուն հետ միասին: Ապա, Թուվալու կատարած է Թուրքիոյ պահանջը՝ սատարելով ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ Թուրքիոյ թեկնածութեան:
Զէյրեք կ՛աւարտէ իր յօդուածը՝ հետեւեալ ծաղրական հարցով. «Արդեօք Թուրքիան այժմ ետ պիտի պահանջէ՞ իր գնդակները, եթէ Թուվալուն ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ