
ԵՐԵՒԱՆ, «ԱԶԳ».- Գրեթէ 160 տարի անցած է այն ժամանակէն, երբ Պերճ Պռոշեանը գրած է «Հացի խնդիր»ը, սակայն ստեղծագործութիւնը կը մնայ այժմէական։ Այդ պատճառով ալ յառաջիկային «Հացի խնդիր»ը կրկին կը բեմականացուի, այս անգամ Համազգային պետական թատրոնի բեմին վրայ:
Վէպը կրկին բեմականացնելու հովանաւորութիւնը ստանձնած է Վարդանեան ընտանիքը:
Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Կրանտ Քենտի» ընկերութեան սեփականատէր Կարէն Վարդանեան այս մասին նշած է, որ Վարդանեան ընտանիքը կը շարունակէ մշակութային նախագիծերու հովանաւորութիւնը ստանձնել: Ըստ անոր, «Հացի խնդիր» վէպի բեմականացումը հովանաւորելը Վարդանեաններուն նուէրն է Համազգային թատրոնին՝ իր 20ամեակին առիթով:
Կարէն Վարդանեան նախորդ տարի դիմած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ եւ Համազգային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Սօս Սարգսեանին՝ առաջարկելով հովանաւորել հայ դասականներու գործերէն մէկը:
«Միասին ընտրեցինք «Հացի խնդիր»ը: Կարծում եմ հասարակութեան համար ներկայացումը կ՛ունենայ եւ դաստիարակչական նշանակութիւն: Կ՛անենք ամէն ինչ, որպէսզի այն դառնայ մեր ժամանակների լաւագոյն բեմադրութիւններից մէկը», ըսած է Կարէն Վարդանեան:
Սօս Սարգսեան այս գծով նշած է, որ թէեւ հայկական խաղացանկը աղքատիկ է, յաջող թատերախաղերը բազմիցս բեմադրուած են արդէն, այնուամենայնիւ, ընտրութեան արժանի նկատուած է Պ. Պռոշեանի ստեղծագործութիւնը։
Համազգային թատրոնի սրահին մէջ 11 Ապրիլին կայացած մամլոյ ասուլիսին ներկայ էր նաեւ թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանը, որուն համաձայն, ոչ միայն Համազգային թատրոնի գործունէութեան, այլեւ մեր իրականութեան մէջ առաջին անգամն է, որ գործարարը ի՛նքն կ՛երթայ թատրոն եւ իր հովանաւորութիւնը կ՛առաջարկէ:
Ներկայացումը իրականացնող ստեղծագործական խումբը արդէն աշխատանքի լծուած է Սեպտեմբեր 21էն մինչեւ Հոկտեմբեր 21 անիկա պիտի դրուի հանդիսատեսին տրամադրութեան եւ դատողութեան տակ, եւ «Հացի խնդիր»ը թատերախաղով մեկնարկը կը կատարուի թատրոնի 21րդ թատերաշրջանին:
Բեմադրութեան գեղարուեստական ղեկավարն ու գլխաւոր բեմադրիչը Սօս Սարգսեանն է, բեմականացնող բեմադրիչը՝ Վիգէն Ստեփանեան, յօրինումներու պատասխանատուն՝ Մարտին Վարդազարեանը, բեմադրող-նկարիչը՝ Դաւիթ Մինասեանը, իսկ դերասանները Համազգայինի թատրոնի անդամներն են։ Նկատի ունենալով, որ ներկայացման մէջ տեղ գտած են նաեւ ազգային պարեր ու խաղեր, բեմադրութիւնը պիտի ունենայ ազգագրագէտ-խորհրդատու:
Բեմականացման համար «Կրանտ Քենտի»ն յատկացուցած է շուրջ 18 միլիոն դրամ, որուն 1 միլիոնը պիտի տրամադրուի ծանուցողական–քարոզչական աշխատանքներուն։ «Կրանտ Քէնտի» ընկերութիւնը ներկայացման մասին պիտի ծանուցէ անվճար:
Իսկ թատրոնի տնօրէնը կը հաստատէ, որ թատրոնին տրամադրուած իւրաքանչիւր դրամ պիտի յատկացուի լաւ ներկայացում ստեղծելու համար:
«Իսկ եթէ ներկայացումը յաջողուեց եւ սիրուեց, ապա հանդիսատեսն անպայման կը գայ թատրոն, յատկապէս ազգային ինքնութեանը վերաբերող թեմաներին հանդիսատեսը շատ աւելի լաւ է արձագանգում», աւելցուցած է թատրոնի տնօրէնը:
Հակառակ տնօրէնի լաւատեսութեան, Սօս Սարգսեան կը յիշեցնէ. «Հացի խնդիր»ը բաւականին բարդ ստեղծագործութիւն է՝ խոր դատողութիւններով, հետեւաբար բեմադրելն էլ պակաս բարդ չի լինելու, մանաւանդ որ Համազգային թատրոնի բեմի տարածքային հնարաւորութիւնները սահմանափակ են: Ներկայացումն արտացոլելու է նաեւ մեր իրականութիւնը՝ թեմատիկ զուգահեռներով, եւ «Հացի խնդրի» փիլիսոփայութիւնը կապուելու է մեր օրերին»:
Կարէն Վարդանեանը աւելցուցած է, թէ հանդիսատեսին ներկայացնելէ առաջ բեմադրութեան պատրաստութեան կարելի է հետեւիլ պատկերասփիւռէն։ Ժամանակի զուգահեռները աւելի բացայայտ դարձնելու համար կը նկարահանուին Աշտարակի մէջ ապրող գիւղացիները, որոնք այսօր ալ ունին հացի խնդիր եւ ապրուստ վաստակելու հոգեր: