
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան «Քոլոմպիա» համալսարանի Մարդկային իրաւունքներու հիմնարկի տնօրէն եւ Թուրքիա-Հայաստան հաշտութեան յանձնաժողովի նախագահ Տէյվիտ Ֆիլիփս, Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման արձանագրութիւններուն նուիրուած գիտաժողովի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա պէտք է ներողութիւն խնդրէ հայերէն, եւ կոչ ըրած է անցեալի մէջ ձգելու երկու երկիրներու պատմութենէն եկող անհամաձայնութիւնները:
Անցեալ ամիս հրատարակուած «Թուրքիա-Հայաստան Արձանագրութիւններու Պատմութիւնը»՝ 130 էջանոց գիրքին հեղինակ Ֆիլիփսը, գիտաժողովին ընթացքին անդրադարձած է երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական պատմութեան: Ան անհրաժեշտ համարած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամենականուխ առիթով բնականոնացնելը:
Ֆիլիփս նշած է նաեւ, որ Հայ-թրքական արձանագրութիւնները կեանքի չկոչուելու գործին մէջ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է Ատրպէյճանը, իսկ Թուրքիան՝ Պաքուի յարձակողապաշտ կեցուածքին առջեւ տեղի տուած է, իր տնտեսական մտահոգութիւններուն պատճառով: Ան լաւատեսութեամբ արտայայտուած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու հաւանականութեան նկատմամբ:
«Թուրքիոյ վարչապետը, որ քաջութիւն ունեցաւ ներողութիւն խնդրելու քիւրտերէն՝ Տերսիմի կոտորածին համար, պէտք է նմանապէս ներողութիւն խնդրէ հայերէն, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ հարցի լուծման՝ նոր դռներ բանալով», ըսած է ան:
Ֆիլիփս ընդգծած է, որ խնդիրը պատմաբաններուն ձգելու եւ «լուծումը» Սպիտակ տունէն ակնկալելու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը ճիշդ չէ՝ նշելով, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ ազդեցիկ դեր կրնան խաղալ նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւնները: