
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ Ճեմիլ Չիչեք Ուրբաթ, Ապրիլ 13ին տեղի ունեցած «Ցաւերը կիսելու եւ վէրքերը բուժելու առաջին քայլ» կոչուած գիտաժողովին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ խոստովանած է, որ հայերը պարտադրուած հեռացած են իրենց պապենական տուներէն:
Պոլսոյ «Ակօս» թերթին համաձայն, Չիչեք Հայկական Ցեղասպանութիւնը կապած է համաշխարհային Ա. պատերազմին հետ եւ ընդգծած, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար «դժուար է առերեսուիլ այդ իրողութեան հետ, սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ երկու ժողովուրդներն ալ ընդհանուր ցաւեր ունին»:
«Պատերազմի ընթացքին Անատոլիան մեծ ողբերգութիւններու ականատես եղած է: Ներքին ճնշումներու պատճառով, հայերը ստիպուած՝ լքած են իրենց տուները եւ հեռացած: Այս մէկը պէտք է ընդունիլ: Մենք նախընտրած ենք մոռանալ այդ ցաւերը: Նոր սկիզբի համար ամենաճիշդ լուծումն անցեալի ցաւերուն կառչած չմնալն է: Ցաւը զայրոյթ կը ծնի, զայրոյթը՝ ատելութիւն, իսկ ատելութիւնը՝ վրէժխնդրութիւն: Այդ պատճառով, անցեալի ցաւերը փորփրելը որեւէ մէկուն օգուտ չի տար», պնդած է Չիչեք, սակայն ինքզինք հակասելով՝ միաժամանակ աւելցուցած է, թէ անցեալի ցաւերէն պէտք է դասեր քաղել եւ պայքարիլ, որպէսզի անոնք չկրկնուին: