ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- 13 Ապրիլին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին։
Նախագահ Սահակեան ողջունած է Ստեփանակերտի մէջ «Հայ Դատի հիմնախնդիրները եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները» խորագիրը կրող խորհրդաժողովի կայացումը՝ զայն նկատելով կարեւոր թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին քաղաքական տեսանկիւնէ։
Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի խորհրդատու Գէորգի Պետրոսեանը եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը։
Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու, քաղաքական ուժերու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու լրագրողներ։