
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ այս տարի եւս բողոքի հաւաքներ պիտի կատարեն Թուրքիոյ մէջ, նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցին:
Ըստ «Հիւրրիյէ»չին՝ ցոյցի նախաձեռնողներն են Մարդկային իրաւունքներու միութիւնն ու «Ո՛չ ըսէ ցեղամոլութեան» նախաձեռնութեան անդամները:
Գլխաւոր ցոյցը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ, իսկ Ապրիլ 24էն առաջ, այլ հաւաքներ տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ:
Կազմակերպիչները նշած են, որ սուտը երբե՛ք չի կրնար յաւիտենական ըլլալ, եւ իրենք կը փափաքին իրականութիւնը բացայայտել: «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ցեղային, օրինական, քաղաքական եւ ընկերային ամբողջական պատասխանատուութեան գիտակցութեան արդիւնք պէտք է ըլլայ», նշած է Մարդկային իրաւունքներու միութեան անդամ Այշէ Կիւնասուն: Ան աւելցուցած է, թէ միայն անցեալի ցաւերու գիտակցումը առիթ պիտի ընծայէ աւելի ժողովրդավարական դարձնելու Թուր-քիան: Կազմակերպիչները նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած են անցեալ տարուան Ապրիլ 24ին սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճիի հարցին վրայ:
Երկու հասարակական կազմակերպութիւնները անցեալին եւս նմանատիպ ցոյցեր կազմակերպած էին Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ, Անգարայի, Իզմիրի եւ Թուրքիոյ այլ շրջաններուն մէջ: