ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, հովանաւորութեամբ նախկին նախարար փրոֆ. Իպրահիմ Նաժժարի, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ժերար Աւետիսեանի «Ի պատիւ նախնիներուն» թեմայով խառն թեքնիք, աքրելիք եւ կտաւ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մերի Չօլոյեան, որ նշեց, թէ արուեստագէտ Ժերար Աւետիսեան լիբանանեան ընկերութեան մէջ հանրածանօթ դէմք մըն է, որ ունի գեղարուեստական եւ ոճային բնորոշ իւրայատկութիւններ: Չօլոյեան ըսաւ, որ Աւետիսեանի գործերուն մէջ միշտ ալ նորութիւններ գոյութիւն ունին, եւ իր ստեղծագործութիւնները արժանացած են արուեստասէր հասարակութեան գնահատանքին:
Ապա խօսք առաւ նախկին նախարար փրոֆ. Իպրահիմ Նաժժար, որ յայտնեց, թէ Ժերար Աւետիսեանի բոլոր գործերուն մէջ յստակօրէն կ՛երեւին հայկականութիւնը՝ տարազներուն, գոյներուն, երանգներուն եւ տիպարներուն ընդմէջէն: Նաժժար շեշտեց, որ արուեստագէտը իր ստեղծագործութիւններուն ճամբով կը ներկայացնէ հաւաքականութեան արժէքները:
Զոյգ խօսքերէն ետք գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» պարախումբը:
Յայտնենք, որ Ժերար Աւետիսեան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրէ 35 ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջ կը ներկայացուին հայկական տարբեր շրջաններէ տիպարներ՝ իրենց հագուածքով եւ շրջապատով:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 23 Ապրիլ: