ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ 911 վարժարաններէն 10 լաւագոյններու շարքին յայտնուած է նաեւ հայկական «Մխիթարեան» վարժարանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հապեր Թիւրք» թերթը:
Թերթը կը նշէ, որ aայդ 10 վարժարաններու շրջանաւարտները դիւրութեամբ կը յաղթահարեն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ ընդունուելու քննութիւնները, եւ չկայ շրջանաւարտ մը, որ ցանկութեան պարագային՝ չկարենայ ընդունուիլ աշխարհի լաւագոյն համալսարաններէն ներս: