
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերջերս Թուրքիոյ հայկական համայնքին պատկանող սեփականութեանց մէկ մասին վերադարձը պատճառ դարձած է, որ թրքահայեր կրկին հանդէս գան արդար պահանջատիրութեամբ: Քրտական «Ֆըրա»չ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս անգամ հայերը իրաւական պայքար սկսած են Սասուն գաւառին մէջ գտնուող Աջար գիւղը վերադարձնելու համար:
Գիւղին ներկայ բնակիչները հայերու պահանջին կապակցութեամբ նշած են, որ ժամանակին իրենք այս գիւղը գնած են, սակայն հայկական կողմը կը մերժէ այս յայտարարութիւնը եւ հարցը դատարան ներկայացուած է:
Դատարանին մէջ, Աջարի գիւղապետ Շիրին Էքմեն յայտարարծ է, որ իրենք 1896 թուականին գիւղին գնումը ապացուցող վկայութիւններ ունին իրենց տրամադրութեան տակ: Աջար գիւղի նախկին հայ բնակիչները, իրենց հերթին յայտարարած են, որ 1896ին տեղի ունեցած ջարդերուն պատճառով, իրենք ստիպուած եղած են լքելու գիւղը: Հայկական կողմը յայտարարած է, որ իրենք եւս ունին փաստեր, որոնք կ՛ապացուցեն, որ գիւղը իրենց կը պատկանի:
Դատարանը ապացոյցներ ներկայացնելու համար մինչեւ Մայիս 4 ժամանակ տուած է կողմերուն: