
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 24 Ապրիլին հանդիպում ունեցած է Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ ազգային տիեզերական գործակալութեան պաշտօնեաներուն հետ՝ քննարկելու առաջին հայկական առեւտրական արբանեակի արձակման առնչուած հարցեր:
Կառավարութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Սարգսեան եւ Ռուսիոյ «Մեքենաշինութեան գիտահետազօտական կեդրոնական հիմնարկ» պետական ձեռնարկութեան գլխաւոր տնօրէնի առաջին տեղակալ Օլեգ Սկորոպոկատով եւ նոյն հաստատութեան գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Սերկէյ Սերետին քննարկած են տիեզերքի բնագաւառին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան հեռանկարները: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վեաչեսլաւ Կովալենքոն:
«Մեքենաշինութեան գիտահետազօտական կեդրոնական հիմնարկ»ը Ռուսիոյ տիեզերական գործակալութեան մէկ մասն է, որ նշանաւոր է նաեւ որպէս «Ռոսկոսմոս»: Անիկա մասնագիտացած է հրթիռներու եւ տիեզերանաւերու կազմութեան աշխատանքներուն մէջ։
«Մասնաւորապէս, զրուցակիցները խօսել են կապի ոլորտում գործելու նպատակով հայկական քոմերցիոն արբանեակի հնարաւոր արձակման հետ կապուած հարցերի մասին: Այս առումով կողմերը նշել են, որ պատրաստ են ձեռնարկել տուեալ ծրագիրը գործնականում կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ միջոցներ: Որպէս տուեալ ուղղութեամբ կատարուելիք առաջին քայլ՝ նշուել է ելեկտրակապի միջազգային միութիւնում գրանցման սահմանուած գործընթացն սկսելու անհրաժեշտութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հոն չի խօսուիր նախագիծին համար անհրաժեշտ ու ենթադրեալ գումարներուն մասին։ Մինչ այդ, Հայաստանի կառավարութիւնը մինչեւ օրս հրապարակային կերպով չէ խօսած արբանեակ ունենալու գծով Հայաստանի հետաքրքրութեան մասին: